image

ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութիւնն արձագանգած է Հայաստան-Թուրքիա սահմանային անցակէտը Թալէաթ փաշայի անունով կոչելու մասին հարցումին

ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութիւնն արձագանգած է Հայաստան-Թուրքիա սահմանային անցակէտը Թալէաթ փաշայի անունով կոչելու մասին հարցումին

ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութիւնն արձագանգած է Հայաստան-Թուրքիա սահմանային անցակէտը Հայոց ցեղասպանութեան կազմակերպիչներէն մէկուն՝ Մեհմէտ Թալէաթ փաշայի անունով կոչելու մասին Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ ներկայացուած օրինագիծին:

Աւելի վաղ յայտնի դարձած էր, որ համապատասխան օրինագիծը Թուրքիոյ Միլի Մեճլիս ներկայացուցած է թրքական ազգայնական İYİ (Լաւ կուսակցութիւն) կուսակցութեան ղեկավար, խորհրդարանի պատգամաւոր Մուսավաթ Տերվիշօղլուն, օրինագիծը ստորագրուած է այդ կուսակցութեան 28 պատգամաւորի կողմէ:

Sputnik Արմենիան ՀՀ վարչապետի անունով պաշտօնական հարցում ուղարկած է, որպէսզի ճշդէ այդ հարցով Երեւանի դիրքորոշումը, մասնաւորապէս` Հայաստանը պիտի համաձայնի՞ արդեօք այդ վերանուանման սահմանի բացման պարագային, եւ ի՞նչ քայլեր կը նախատեսէ ձեռնարկել երկրի կառավարութիւնը։

Հարցումը վերահասցէագրուած է ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութիւն, ուրկէ ստացուած է պատասխանը։

«Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնների կարգաւորման գործընթացում Հայաստանի Հանրապետութիւնը հաշուի է առնում Թուրքիայի Հանրապետութեան կառավարութեան պաշտօնական դիրքորոշումներն ու որոշումները»,- նշուած է հարցումին պատասխանին մէջ։

Յիշեցնենք, որ Թալէաթ փաշան Հայոց ցեղասպանութեան գլխաւոր կազմակերպիչներէն մէկը եղած է։ 15 մարտ, 1921-ին ան Պերլինի մէջ գնդակահարուած է հայ ազգային-ազատագրական շարժման գործիչ Սողոմոն Թեհլիրեանի ձեռքով: Գերմանիոյ դատարանին մէջ Թեհլիրեան յայտարարած է. «Ես մարդ սպաննած եմ, բայց մարդասպան չեմ»: Գերմանական դատարանն արդարացուցած է Թեհլիրեանը։