image

«Հայկական կողմը կը սիրէ պայմանաւորուիլ Եւրոմիութեան հետ». Լաւրով կը դժգոհի

«Հայկական կողմը կը սիրէ պայմանաւորուիլ Եւրոմիութեան հետ». Լաւրով կը դժգոհի

Հակառակ անոր, որ մենք դաշնակիցներ ենք, հակառակ անոր, որ այս առաքելութիւնը ամբողջութեամբ պատրաստ է, հայկական կողմը կը նախընտրէ Եւրոմիութեան հետ պայմանաւորուիլ, որ այնտեղ երկարաժամկէտ հիմքով քաղաքացիական դիտորդներու առաքելութիւն տեղակայուի։ Այս մասին մամուլի ասուլիսի ժամանակ յայտարարած է ՌԴ ԱԳ նախարար Սերգէյ Լաւրովը։

«Մենք դժուարութիւններ ունինք՝ կապուած Հայաստանի մէջ ստեղծուած իրավիճակի հետ։ Երբ մեր հայ բարեկամները Ատրպէյճանի հետ սահմանին ՀԱՊԿ առաքելութեան անհրաժեշտութեան մասին հարցը առաջ կը տանէին՝ այնտեղ ինչ-որ կայունութիւն ապահովելու համար։ Եւ մենք Երեւանի մէջ գագաթաժողովի ժամանակ համաձայնութեան եկանք այս առաքելութեան յարաչափերու վերաբերեալ փաստաթուղթի շուրջ։ Բայց այն չյաջողեցանք ընդունիլ, քանի որ հայ գործընկերները սկսան պնդել, որ այդ փաստաթուղթին մէջ Ատրպէյճանը պէտք է խստօրէն դատապարտուի։ Մենք բացատրեցինք, որ եթէ խօսքը դատապարտման, հռետորաբանութեան, դիրքորոշումներ յայտնելու մասին է, ապա այստեղ իւրաքանչիւրը ազատ է ընելու այն, ինչ կ'ուզէ։ Բայց եթէ մենք կ'ուզենք ՀԱՊԿ առաքելութիւն ուղարկել, ապա սա, պարտադիր չէ, որ պայմանաւորուած ըլլայ ինչ-որ արտաքին նշաններով, ինչ-որ յայտարարութիւններով եւ առաւել եւս խիստ: Մենք դեռ պատրաստակամ ենք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին ՀԱՊԿ առաքելութիւն ուղարկելու։ Այնուամենայնիւ, հակառակ անոր, որ մենք դաշնակիցներ ենք, հակառակ անոր, որ այս առաքելութիւնն ամբողջութեամբ պատրաստ է, հայկական կողմը կը նախընտրէ Եւրոմիութեան հետ պայմանաւորուիլ, որ այնտեղ երկարաժամկէտ հիմքով քաղաքացիական դիտորդներու առաքելութիւն տեղակայուի։ Այդ, ըստ էութեան, Հայաստանի իրաւունքն է, այց պէտք չէ մոռնալ, որ խօսքը Ատրպէյճանի հետ սահմանի մասին է եւ հաւանաբար, եթէ այս առաքելութիւնը տեղակայուի առանց Ատրպէյճանի համաձայնութեան, այն կրնայ անարդիւնաւէտ ըլլալ։ Սահմանին վստահութեան ամրապնդման փոխարէն այն կրնայ լրացուցիչ լարուածութիւն ստեղծել»,-ըսած է Լաւրով։