«Հայկական ժամանակ»ի տեղեկութիւններով` ՀՀ Քննչական կոմիտէն ձերբակալած է Սերժ Սարգսեանի եղբօր` Ալեքսանտր Սարգսեանի փոքր տղուն` Հայկ Սարգսեանին:
Թէ ի՞նչ հիմքով Սարգսեանը ձերբակալուած է, կարելի չէ եղած պարզել:
Նշենք, որ վերջինս այս օրերուն աշխուժօրէն կը մասնակցէր ընդդիմութեան կազմակերպած գործողութիւններուն եւ հանրահաւաքներուն: