image

Հայերը ցեղասպանութեան կ՚ենթարկուին. Washington Post

Հայերը ցեղասպանութեան կ՚ենթարկուին. Washington Post

Ամերիկեան Washington Post պարբերականը անդրադարձած է Միջազգային քրէական դատարանի առաջին գլխաւոր դատախազ, Հարվըրտի եւ Եէյլի համալսարաններու դասախօս Լուիս Մորենօ Օքամփոյի յօդուածին, որուն մէջ ան կը զգուշացնէ, որ Ատրպէյճանը ցեղասպանութիւն կը նախապատրաստէ Լեռնային Ղարաբաղի էթնիք հայերու նկատմամբ եւ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին կոչ ըրած էր այս հարցը միջազգային հարթակներու վրայ քննարկման առարկայ դարձնելու։

«Լուրջ հիմքեր կան կարծելու, որ ցեղասպանութիւն կ'իրականացուի»,- WP-ի յօդուածագիրը մէջբերած է Օքամփոյի խօսքերը, որուն մէջ նշուած է, որ  որ ՄԱԿ-ի համաձայնագիրը ցեղասպանութիւնը բնորոշած է այդ շարքին նաեւ որպէս «խումբի համար միտումնաւոր կեանքի այնպիսի պայմաններու ստեղծում, որոնք կը յանգեցնեն անոր ֆիզիքական ոչնչացման»։

Յօդուածին մէջ Washington Post-ը հակիրճ անդրադարձած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան պատմութեան, ներկայացուցած Ատրպէյճանի ղեկավարութեան մեկնաբանութիւնը Օքամփոյի յօդուածին, որոնք այն անուանած էին «չհիմնաւորուած պնդումներ եւ մեղադրանքներ» պարունակող։

Յօդուածագիրը նշած է նաեւ Կոռնիձորի մէջ աւելի քան 2 շաբաթ կայանած 360 թոն մարդասիրական օգնութեան, որ Ատրպէյճանը թոյլ չի տար անցընել Լաչինի միջանցքով։