image

Հայերէնը կը զուարճանայ (191)

Հայերէնը կը զուարճանայ (191)

1.Մուրց-մրցիլ-մրցում

Ձեր մտքին ծայրէն կրնա՞ր անցնիլ, որ մրցիլ բային արմատը ըլլար մուրց եւ ան նշանակէր բռունցք, կռուփ, իսկ մրցում-ը իր նախնական կիրարկութեան մէջ նշանակէր...բռնցքամարտ կամ կռփամարտ: Ինքս չէի գիտեր:

Որքա՜ն լաւ է, որ հիմա գիտեմ եւ ի՜նչ լաւ  բան է... սորվիլը:

Տարոցը բոլոր չգիտցողներուն եւ...սորվիլ փափաքողներուն:

Եւ Աստուած ներէ այնպիսիներուն, որոնք ընդմիշտ հրաժարած են  սորվելէ:

*   *   *

Եւ ահա ժամանակին հետ այս նախնական, ըսենք՝ նեղ, նշանակութիւնը անսահմանօրէն ընդլայնած է եւ այսօր մրցիլ կը նշանակէ առօրեայ կեանքի անհամար մարզերու մէջ ուրիշը կամ ուրիշները գերազանցելու, ժողովրդախօ-սակցական ոճով՝ անցնելու, փորձը, ճիգը, քննութիւնը. օրինակ՝ վազքի մրցում, ֆութպոլի մրցում,  լողի մրցում, պլոթի մրցում, շատակերութեան եւ շատախմութ-եան մրցում.  ու տակաւին մրցում՝ ի խնդիր պաշտօնի, աստիճանի, տիտղոսի եւ շատ ուրիշ բաներու: 

2. Մրցանիշ

Մուրց արմատով ունինք բարդ եւ ածանցաւոր բառերու բաւական ճոխ՝ հայերէնավայել օժիտ մը, որուն գոյառումը սկսած է հազարամեակներ առաջ: Մենք պիտի սերտենք անոնցմէ միայն մէկը՝ մրցանիշը:

Այս բառին առաջին անգամ կը հանդիպինք Գայայեանի մէջ՝ 1938-ին.

--«Մրցանիշ – մրցումով ձեռք բերուած բարձրագոյն նիշ՝ թիւ»:

Այս նոյն նշանակութիւնը կը պահէ ան մինչեւ հիմա եւ այս նշանակութեամբ ալ ան մտած է արեւմտահայ  բառարաններուն մէջ՝ Ճիզմեճեանի, Տէր Խաչատուր-եանի, Կռանեանի, Ճերեճեանի:

Ան կը ներկայանայ իբրեւ հոմանիշ ֆրանսերէն record-ին:

Հետաքրքրական է, որ ֆրանսերէն  record-ը իր կարգին ուշ յառաջացած բառ է. զայն չենք գտներ 19-րդ դարու ֆրանսահայ բառարաններու մէջ, ինչպէս՝ Նորայր Բիւզանդացիի, Եղիա Տեմիրճիպաշեանի, Սամուէլ Գանթարճեանի եւ ուրիշներու:

Առաջին անդրադարձողը անոր կ’ըլլայ Մեսրոպ Նուպարեանը 1911-ին.

«Record – վերագոյն աստիճան (շուտութեան)»:

Այսինքն՝ արագութեան բարձրագոյն աստիճան:

Որ յետոյ պիտի նշանակէր բարձրագոյնը բոլոր մրցումներու մէջ:  

                                                              *  *  *

Այս բառին կապուող յաջորդ անակնկալը այն է, որ Մալխասեան  ընդմիշտ չունի այս բառը. զայն առաջին անգամ կը գտնենք 1969-ին Ակադեմիայի քառահատոր բացատրականին մէջ՝ մերինէն  տարբեր նշանակութեամբ.

--«Մրցանիշ – մրցութեան ժամանակ շահուած ցուցանիշ»:

Այսինքն՝ որեւէ մրցումի մէջ ստացուած որեւէ նիշ/նշան. ուշադրութի՛ւն՝ ո՛չ բարձրագոյնը, ինչպէս է արեւմտահայերէնի մէջ:

Նոյնը կը գտնենք արեւելահայ հետագայ բառարանագիրներուն քով:

  Իսկ մրցումի մէջ «բարձրագոյն նիշը» արտայայտելու համար պարզապէս փոխ   առած են օտար record-ը՝ ռեկորդ տառադարձութեամբ, որ կը գտնուի թէ՛ Մալխասեանի, թէ՛ միւս բոլորին մէջ: 

--«Ռեկորդ – աջողութեան բարձրագոյն աստիճանը, որ ձեռք է բերւում  մրցութեան ժամանակ՝ մարզութիւնների կամ  աշխատանքի այլ բնագաւառում» (Մալխասեան, 1944):

Ափսո՜ս:

Եթէ Մալխասեան իր օրին որդեգրած ըլլար մրցանիշը՝ այն նշանակութեամբ, որ  ան արդէն ունէր արեւմտահայերէնի մէջ, ապա այդպէս  ալ կը շարունակուէր. մեր երկու բարբառները օտարի record-ին դիմաց կ’ունենային ազգային մէկ միասնական բառ, միւս կողմէ՝ արւելահայերէնը ապականող մէ՛կ օտարաբանու-թիւն  կը պակսէր:

Եւ Նուազի լը Գրանդի աւատապետը 4.000-ի փոխարէն՝ 3.999 օտարա-բանութիւն կ’ունենար իր տոմարներուն մէջ:

3. «Արմենպրես»-ն ու հայերէնը

Այս կայքը ամէն օր քիչ մը աւելի կը ցուցադրէ իր կատարեալ տգիտութիւնը հայերէնի մէջ. վերջինն   է հետեւեալը.

--Շահագրգիռ անձիք կարող են ներկայացնել ապացոյցներ (9/8/24):

Հայերէնը՝ գրաբար թէ աշխարհաբար, չունի անձիք բառաձեւ:

Գրաբարը գիտէր՝ անձն-անձինք, աշխարհաբարը գիտէ՝ անձ-անձեր: Այս երկուքէն դուրս ուրիշը չկայ: Կայ  լեզուական ՝՝թանձրացեալ տգիտութիւն մը, որ համաճարակի պէս տարածուած է ամբողջ Հայաստանի մէջ՝ վերնախաւէն մինչեւ յետին ռամիկը:

*  *  *

Ամբողջ Հայաստանը այսօր տագնապի մէջ է. փորձ կ’ըլլայ «Հայոց պատմութիւն» անուանումը դարձնելու «Հայաստանի  պատմութիւն»: 

Մարդկութիւնը այսքան անհեթեթ բանավէճ ու բանավիճողներ չէ տեսած, քանի որ «Հայոց պատմութիւն» բառակապակցութիւնը ինքնին արդէն կը նշանակէ «Հայաստանի պատմութիւն». ա՛լ ասոր ի՞նչը կը փորձուի  ինչի՛ փոխել՝ յայտնի չէ:

Հայոց՝ սեռական հոլովն է Հայք-ին, որ կը նշանակէ Հայաստան: 

Միւս կողմէ՝ հայք կը նշանակէ նաեւ հայեր. ուրեմն  բարեբախտ զուգադիպութեամբ մը Հայոց  կամ հայոց՝ կը նշանակէ նաեւ... թէ՛ Հայաստանի, թէ՛հայերու: Այս հաշուով՝ երկնային մանանայ  մըն է այս բառը, որ հաւասարապէս կ’անուանէ թէ՛ հայրենիք մը, թէ՛ անոր ժողովուրդը. հասկցիր ո՛ր մէկը որ կ’ուզես: Եւ ահա հետեւանքը... ապուշ բանավիճողներու   համազգային  անիմաստ գզուըռտուք մը, որ ընդերկար կը քաշքշուի:

Մրցոյթ 188.

***Մէկ բառով լրացո՛ւր հետեւեալ ասոյթը.

---Երբեք  մի՛ ըներ վաղը գործ մը, որ կրնաս ընել յաջորդ  օրը (Mark Twain):

***Ինչպէ՞ս խուսափիլ կրկնաբանութենէն.

---Կրնայ գործուիլ սխալ մը, որ յանգեցնէ կացութեան վատթարացման:

***Գրէ՛ հետեւեալը մի՛այն վեց բառէ բաղկացած պարզ նախադասութեամբ մը:

---Ան դատապարտեց լիբանանեան  ուժերու քաղաքական անձնասիրութիւնը:  

***Վերաշարադասէ ՛ հետեւեալը՝ առանց որեւէ բառ աւելցնելու կամ ջնջելու.

---Գոյութիւն ունի   ուրուագծումը ուղիի մը սկիզբին, որ կրնայ  ուրախ աւարտի առաջնորդել:

***Վերաշարադասէ՛ հետեւեալը՝ ջնջելով անոր մէկ բառը.

---Պլինքըն Այսրյորդանանի մէջ թուրք գործիչի սպանութեան պատասխանատու կը նկատէ Իսրայէլը:

Ճիշդ պատասխանած են՝ Համբարձում Յարթունեան (7), Գէորգ Եազըճեան (10),Դանիէլ Թիւֆենքճեան (8), Ցոլակ Ապտալեան (8), Գեղամ Խաչատրեան (8), Եփրեմ Թոքճեան (10), Պերճ Տէր Սահակեան (6):

Մրցոյթ.

***Կէտերուն  տեղ դնել՝ փտուքէ  կամ  փտումէ:

---Կարտինալ Աղաճանեանի դիակը  աւելի քան կէս դար զերծ մնացած է . . . . . . .: 

***Ջնջէ՛ հետեւեալին հինգ աւելորդ բառերը.

---Հրդեհը տարածուեցաւ քաղաքապետութեան իրաւասութեան տակ գտնուող տարածքին  մէջ եղող բաժինին մէջ:

***Վերաշարադասէ հետեւեալները.

---Բարեբախտաբար կան տակաւին սակաւաթիւ գիրի եւ գրականութեան անզուգական դերին հաւատացողներ:

---Յամենայնդէպս Հայ գիրքի գոյութեան սպառնացող լուրջ վտանգ մը կայ:

***Վերաշարադրէ՛ հետեւեալ երկու գոհարները.

---Պէտք է յանձնառու ըլլան  ճշմարտութիւնը ճշգրիտ կերպով  ըսելու եւ իրենց պատասխանատւութեան տէր կանգնին:

---Ամբողջ սրտով լրագրող բարեկամներուս կոչ կ’ուղղեմ իրականութիւնը  ճիշդ ինչպէս  որ է  ցոյց տալու:



Արմենակ Եղիայեան 
armenag@gmail.com