«Ակօս» պարբերականի երբեմնի խմբագիր Ռոպէր Քոփթաշ օրերս տիրացած է հանգամանաւոր մրցանակի մը։
«Արեւելք» Պոլսէն տեղեկացաւ, որ Ռոպէր Քոփթաշը մրցանակը ստացած է թրքերէնով գրուած իր «Ունուֆաք» վէպին համար, իսկ մրցանակը շնորհուած է «Աթիլլա Իլհան Գրական Մրցանակներ»ու «Առաջին Վէպ– Հիմնարկի Յատուկ խրախուսման» անուանակարգին մէջ։
Ռոպէր Քոփթաշ ծնած է 1977-ին՝ Պոլիս։ Ուսանած է Լուսաւորչեան, «Գարակէօզեան» եւ «Սուրբ Խաչ Դպրեվանք» վարժարաններուն մէջ, ապա աւարտած է «Մարմարա» համալսարանի «Տնտեսագիտութիւն եւ Արդիւնաբերական յարաբերութիւններ»ու Բաժինը։
Ապա ան «Պողազիչի Համալսարան»էն վկայուած է՝ ստանալով մագիստրոսի տիտղոս «Ժամանակակից Թուրքիոյ Պատմութիւն» նիւթին մէջ՝ աւարտաճառը նուիրելով գրող, օրէնսգէտ եւ պատգամաւոր Գրիգոր Զօհրապին։
Համալսարանական տարիներէն սկսեալ Քոփթաշ աշխատած է «Արաս» հրատարակչատան մէջ, ուր 2015-2023 թուականներուն եղած է պարբերականի գլխաւոր խմբագիր։ 2006-ին սկսած է գրել «Ակօս» օրաթերթին մէջ «Կեանքը ինչպէս կայ» խորագրով յօդուածներ։ 2007-ին Հրանդ Տինքի սպանութենէն ետք ստանձնած է խմբագրական պարտականութիւններ, իսկ 2010-2015 թուականներուն եղած է թերթի գլխաւոր խմբագիրը։
2013-ին ծնած է իր դուստրը՝ Սարեն։ Անոր յօդուածները, հարցազրոյցները եւ ուսումնասիրութիւնները հրատարակուած են «Էքսփրէս», «1+1», «Մեսէլէ», «Ակօս», «Նոթոս», «Ընկերային Պատմութիւն», «Պատմութիւն եւ Հասարակութիւն», «Բիանէթ», «K24», «Կազեթէ Տուվար», «Civilnet» եւ այլ պարբերականներու մէջ։
Անոր վէպը՝ «Ունուֆաք», լոյս տեսած է 2024 Սեպտեմբերին «Հաղորդակցութիւն» հրատարակչութենէն։ Ռոպէր Քոփթաշ ներկայիս կ՛ապրի Պոլսոյ մէջ եւ կը շարունակէ գրել՝ իր նոր վէպին վրայ աշխատելով։
Այս առթիւ «Արեւելք» իր սրտանց շնորհաւորութիւնները կը յղէ պոլսահայ համայնքէն մեր ազնիւ բարեկամին՝ յոյս ունենալով, որ անոր թրքերէնով գրուած վէպը ի մօտոյ կը թարգմանուի արեւմտահայերէնի։