image

Հայերէնը կը զուարճանայ (144)

Հայերէնը կը զուարճանայ (144)
  1. Կարդանք հետեւեալ գոհարը.

«Այն Հելուէի բախումները վերջ գտած են, իսկ կառավարութիւնը 16 օգոստոսին պիտի վաւերացնէ 2023-ի պետական  ամավարկը» («Ազդակ», 8/8/2023,  էջ 1):

Ոմանք  գուցէ   հարց տան, թէ այստեղ ի՞նչ կայ արտասովոր. ամէն ինչ յստակ է, մանաւանդ ըսուած է օրինակելի հայերէնով մը, ուր ոչ մէկ ընթացիկ սխալ կ’երեւի:

Ընթացիկ սխալ չ’երեւիր այն պատճառով, որ ընթացիկ չէ ան, այլ… արտասովոր է, արտաբանական:

Այստեղ թաքնուած է  ամբողջ լեզուամտածողութեան մը  տխուր քայքայումը:

Այո, մեր լեզուն կիրարկողները, դուրս գալով սովորական չարաճճիութիւններու նեղ ծիրէն,  սկսած են կամաց-կամաց կորսնցնել մտածելու, հայօրէն, չըսելու համար՝ մարդկօրէն, մտածելու ընդունակութիւնը, կորուստ, որ հետզհետէ աւելի տեսանելի ու շօշափելի կը դառնայ:

Եւ կը պղտորէ մեր բոլոր ակնկալութիւններն ու հեռանկարները:

*       *

*

Հարցը կը վերաբերի իսկ շաղկապի անտեղի կիրարկութեան:

Տեղին է  հարցնել, թէ կարելի՞ է այնքան սովորական  «իսկ»-ը սխալ գործածել:

Այո, «Ազդակ»-ի քաղաքական էջի տիրոյթէն ներս  անկարելին ալ կարելի է:

Իսկ-ը մաս կը կազմէ հայերէնի համադասական շաղկապներու ներհակական տարբերակին, եւ ինչպէս անունը ցոյց կու տայ, կը ծառայէ շաղկապելու ներհակ՝ իրարու հակադրուող  հասկացութիւններ ու  միտքեր. օրինակ՝

Ան բոլորը պայքարի  կը մղէ, իսկ ինք տեղէն չի շարժիր:

Պայքարի  մղողէն կ’ակնկալուէր, որ ինք առջեւէն երթար, միւսներուն ալ ըսէր՝ հետեւեցէ՛ք ինծի: Մինչդեռ ան տեղէն…  չի շարժիր:

Խոշոր ձուկերը ուռկանին մէջ մնացին, իսկ մանրները ծակերէն դուրս  եկան:

Այս ակնբախ ներհակութիւնը գոյութիւն չունի բերուած օրինակին մէջ.

«Այն հելուէի բախումներու վերջ գտնելուն» եւ «պետական ամավարկի վաւերացումին» միջեւ բացարձակապէս ոչ մէկ  առնչութիւն  գոյութիւն ունի ՝ ո՛չ հակադիր, ո՛չ համադիր. ասոնք երկուքը անկապակից  միտքեր ու հաղորդումներ են: Կարծես  ըսէինք՝  «Այս տարի Լիբանանի  զբօսաշրջութիւնը շատ խոստմնալից է, իսկ Սիպերիոյ մէջ ջերմաստիճանը  նուազ  քսան է»:

Առաջին հասնողը պիտի հարց տայ, թէ  Լիբանանի զբօսաշրջութիւնը ի՛նչ կապ ունի Սիպերիոյ  ջերմաստիճանին հետ, սակայն նոյնքան անկապակից են  մեր բերած գոհարին արտայայտած միտքերը՝ Այն Հելուէի բախումները եւ պետական ամավարկի քուէարկումը:

Այսպէս է բանական էակին համար, սակայն այսպէս չէ… «Ազդակ»-ի քաղաքական էջին համար.  ան հարբած է իր գիւտով, այն է՝ իսկ շաղկապի անհեթեթ կիրարկութեամբ, եւ անհամբեր է զայն  պատուով ցուցադրելու ընթերցողներուն ալ.

Կառավարութիւնը վաւերացուց 2023-ի  պետական ամավարկը, իսկ խորհրդարանը պիտի գումարէ  օրէնսդրական նիստ մը ( անդ, 17/8/2023, էջ 1):

Նոյն ապուրն է. ո՞ւր է կապը, հակադրական կապը ամավարկին եւ օրէնսդրական նիստին,− նման կապ չկա՜՜՜յ, զայն փնտռող ալ չկայ,  կայ լեզուական գիւտի մը  առթած հարբեցողութիւնը, եւ անոր բերած  գերերջանկութի՜՜՜ւնը, euphorie-ն: :

Ու մի՛ զարմանաք, եթէ վաղը սփիւռքի այս կամ այն անկիւնէն ուրիշներ եւս հետեւին  «իսկ» շաղկապի այս այլանդակ կիրարկութեան՝ իբրեւ ամենավերջին նորաձեւութեան, որուն օրրանը միշտ  «Ազդակ»-ի քաղաքական էջն է: Վասն զի լեզուական ամէն այլանդակութիւն այստեղ է, որ կը թխսուի, կը սաղմնաւորուի, ծնունդ կ’առնէ, կը սնուցուի, հասակ կ’առնէ  ու ապա… կ’արտածուի  ի սփիւռս:

  1. Եկէք ծուռ նստինք եւ շիտակ խօսինք, քանի պայման է ծուռ նստիլ՝ շիտակ խօսելու համար: Ուրեմն ուշադիր կարդանք ստորեւ բերուած գոհարը, ապա քիչ մը յամենանք անոր վրայ եւ վերջապէս ջանանք որոշել, թէ ո՞վ է նպաստ տուողը եւ ո՞վ է զայն՝ այդ նպաստը,  ստացողը:

«[Միքաթի] կոչ ուղղեց արժեւորել սուրիացի տեղահանուածներուն Լիբանանի կառավարութեան տրամադրած օգնութիւնները…» (Արարատ, 24/7/2023, էջ 1):

Եթէ կրցաք ճիշդ դատել ու մեկնաբանել՝ ապա օգնութիւն տրամադրողը՝ բերողը սուրիացի տեղահանուածներն են, իսկ զանոնք ստացողը… Լիբանանի կառավարութիւնը:

Ինչո՞ւ չէ.  այսօր սուրիացի տեղահանուածները շատ աւելի բարեկեցիկ պայմաններու մէջ կ’ապրին,  քան Լիբանանի սնանկացած  քաղաքացիները: Եւ ո՞ր օրուան եղբայրական ժողովուրդներն ենք, եթէ նման առիթով մը  անոնք՝ այդ տեղահանուածները, օգնութիւն պիտի չտրամադրեն Լիբանանի կառավարութեան, որ վստահ եմ տակը  չի մնար եւ առաջին առիթով կը հատուցէ  ստացուած օգնութիւնը:

Ահա այս բոլորը կը նշանակէ բերուած գոհարը:

Եթէ ուրիշ բան հասկցաք, ապա… ձեր հայերէնը վերատեսութեան կարիք ունի, եւ առ այդ կրնաք դիմել…  ես ալ չեմ գիտեր որո՛ւ կրնաք դիմել:

Այսուհանդերձ,  խաշած հաւն ալ գիտէ, որ իրողութիւնը տարբեր է:

Օգնութիւն տրամադրողը Լիբանանի կառավարութիւնն է, իսկ զայն ստացողը սուրիացի տեղահանուածներն են: Մեր լրագրողին ըսել ուզածն ալ ա՛յս է. բայց ահա ճիշդ չէ գրած, եւ ստացուած է ճի՛շդ հակառակը:

Արդ, ինչպէ՞ս շարադրել, որ ըսուածն ու ըսել ուզուածը համապատասխանեն իրարու.  ահա թէ ինչպէս.

–[Միքաթի] կոչ ուղղեց  սուրիացի տեղահանուածներուն՝ արժեւորել  Լիբանանի կառավարութեան տրամադրած օգնութիւնները»:

Պարզապէս  արժեւորել դերբային դիրքը փոխեցինք.  այս դասաւորումով՝ Միքաթիի կոչը ուղղուած կ’ըլլայ սուրիացի տեղահանուածներուն. այդ կոչը իբրեւ բովանդակութիւն կ’ունենայ արժեւորել բայը. ուրեմն սուրիացի տեղահանուածներուն  կը թելադրուի   կատարել արժեւորում մը:

Արժեւորել ի՞նչ:

–Լիբանանի կառավարութեան տրամադրած օգնութիւնները:

Եւ այսպէս ամէն բան գտաւ իր տեղը:

 

Արմենակ Եղիայեան

armenag@gmail.com