image

Հայաստանը կարիք ունի Ռուսիոյ նեցուկին. Զատուլին

Հայաստանը կարիք ունի Ռուսիոյ նեցուկին. Զատուլին

Հայաստանը իր դաշնակից Ռուսիոյ խօսքային եւ իրական աջակցութեան կարիքն ունի։ Այս մասին 168.am-ի թղթակցի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է Ռուսիոյ Դաշնութեան Տումայի ԱՊՀ գործերով, եւրասիական համարկման եւ հայրենակիցներու հետ կապերու կոմիտէի նախագահ՝ Կոնսթանթին Զատուլինը։

«Ես ատոր օգտին հանդէս կու գամ իմ ողջ քաղաքական ասպարէզի ընթացքին: Ես միշտ կարծած եմ, որ Ռուսիան ու Հայաստանը դաշնակիցներ ըլլալու պատճառարկութիւն ունին։ Բայց կայ նաեւ Հայաստանի իշխանութեան պատասխանատւութիւնը դաշնակցային յարաբերութիւններու համար, եւ այստեղ նոյնպէս խօսելու բան կայ։

Ռուսիան, չեմ թաքցներ, որոշակի զգուշաւորութիւն կը ցուցաբերէ հայ-ատրպէյճանական հարցերուն, կ'ակնկալէ խաղաղ ճանապարհով արդիւնքի հասնիլ հասկնալի պատճառներով։

Այդ պատճառներու շարքին է ոչ միայն Ատրպէյճանի եւ անոր թիկունքին կանգնած Թուրքիոյ հետ ինչ-որ յարաբերութիւններ պահպանելու ցանկութիւնը, այլ նաեւ այն փաստը, որ Ռուսիան Ուքրանիոյ մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններու պատճառով առճակատման մէջ է Արեւմուտքի հետ, ան ռազմական գործողութիւններ կ'իրականացնէ։ Այս տեսանկիւնէն կարելի է հասկնալ Ռուսիոյ դրութիւնը։ Թէեւ ես ամենեւին ալ չեմ փորձեր այս կերպ մեր վրայէն հանել մեր պարտականութիւնները կամ պարտաւորութիւնները։

Ինչ կը վերաբերի անոր, որ պէտք է աւելի արագ, աւելի վճռական եւ աւելի որոշակի արձագանգել, այդ շարքին՝ պաշտօնական հանրային մակարդակով կատարուածը արձանագրելու տեսանկիւնէն, ես համաձայն եմ ատոր հետ։

Այդ մասին ես խօսած եմ սեպտեմբերին, երբ մարտեր կ'ընթանային հայ-ատրպէյճանական սահմանին»,- նշած է պատգամաւորը։