image

Հայաստանը Հնդկաստանէն հակատրոնային համակարգ կը գնէ

Հայաստանը Հնդկաստանէն հակատրոնային համակարգ կը գնէ

Հրթիռահրետանային միջոցներ եւ հրթիռներ ներկրելէ ետք Հայաստանն այժմ Հնդկաստանէն հակատրոնային համակարգ կը գնէ, գրած է հնդկական The Еurasian Тimes-ը:

«Հայաստանը պայմանագիր կնքած է Հնդկաստանի կողմէ մշակուած Zen հակատրոնային համակարգ գնելու համար»,- գրած է կայքը՝ վկայակոչելով իր աղբիւրը։

Ըստ պարբերականի՝ պայմանագրի արժէքը կազմած է 41,5 միլիոն տոլար, որ կը ներառէ ե՛ւ հակատրոնային համակարգերու մատակարարում, ե՛ւ ուսուցում։

Ըստ հրապարակման՝ Zen Technologies ընկերութեան կողմէ մշակուած հակատրոնային համակարգը կը տեղորոշէ եւ կը դասակարգէ ԱԹՍ-ները, կը յայտնաբերէ ատոնց կողմէ իրականացուող հետախուզութիւնը, ինչպէս նաեւ կը վերացնէ սպառնալիքը՝ խափանելով ԱԹՍ-ներու կապի համակարգը։

 

Zen Technologies-ը յայտարարած է, որ 2023-ի հոկտեմբեր 28-ին կայացած խորհուրդի հանդիպման ընթացքին հաւանութիւն  տրուած է Հայաստանի մէջ մասնաճիւղի բացման։