image

Հայաստանը եւ Իրանը պիտի շարունակեն ջերմ ու բարեկամական յարաբերութիւններու զարգացման միտուած քայլերը. հանդիպած են Փաշինեանը եւ Խամենէին

Հայաստանը եւ Իրանը պիտի շարունակեն ջերմ ու բարեկամական յարաբերութիւններու զարգացման միտուած քայլերը. հանդիպած են Փաշինեանը եւ Խամենէին

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Թեհրանի մէջ հանդիպում ունեցած է Իսլամական յեղափոխութեան գերագոյն առաջնորդ Սեյիտ Ալի Խամենէիի հետ: Այդ մասին յայտնած են ՀՀ Կառավարութենէն:

Սեյիտ Ալի Խամենէին շնորհակալութիւն յայտնած է վարչապետին Իրանի նորընտիր նախագահի երդմնակալութեան արարողութեան մասնակցելու նպատակով Թեհրան այցելելու համար: 

Զրուցակիցները համոզմունք յայտնած են, որ Հայաստանը եւ Իրանը պիտի շարունակեն ջերմ ու բարեկամական յարաբերութիւններու զարգացման միտուած քայլերը՝ ի նպաստ երկու պետութիւններու եւ ժողովուրդներու առաջընթացի: