Անհամատեղելի է միաժամանակ տարբեր մաքսային միութիւններուն անդամակցիլը: Այս մասին Եւրոպական համարկման հարցերու մշտական յանձնաժողովի նիստին ընթացող «Եւրոպական Միութեան Հայաստանի Հանրապետութեան անդամակցելու գործընթացի մեկնարկի մասին» օրէնքի նախագիծի քննարկումներու ընթացքին ըսած է նախագիծի հիմնական զեկուցող, նախաձեռնող խումբի լիազօր ներկայացուցիչ Արտակ Զէյնալեանը։
«Եթէ ինչ-որ պահի ՀՀ-ն համապատասխանեցնելու ճանապարհին կարիք կ՚ունենայ մտնել ԵՄ-ի մաքսային միութեան մէջ մինչեւ անդամակցութիւնը, բնականաբար այստեղ կ՚առաջանայ անհամատեղելիութիւն ԵԱՏՄ-ի մաքսային տարածքի հետ: Այդ ժամանակ կարիք կ՚առաջանայ որոշում կայացնել փոխել մաքսային միութիւնը: Երկու տարբեր մաքսային միութիւններ միմեանց հետ անհամատեղելի են, երբ կը գայ պահը որոշում կայացնելու՝ մտնել ԵՄ մաքսային միութեան մէջ, ապա կարիք կը լինի փոխել դրանք»,-ըսած է Զէյնալեանը: