Տ–72 մարտական հրասայլով հակառակորդի բոլոր պայմանական նշանակէտերը կը յայտնաբերեն, ապա կը խոցեն Յովհաննէս Բաղրամեանի անուան ուսումնական զօրամասի նորակոչիկները։ Այս ստուգողական հրաձգութիւնը, ինչպէս նաեւ միւս քննութիւնները յաջողութեամբ յանձնած զինուորները՝ կը ստանան կրտսեր հրամանատարներու ու մասնագէտներու որակաւորում եւ կ'անցնին ծառայութեան՝ զինուած ուժերու տարբեր ստորաբաժանումներու մէջ։
Զօրամասի հրամանատարը գոհ է 6–ամսեայ կրթութիւն ստացած ժամկէտային զինծառայողներու գրանցած ցուցանիշներէն։
«Զինուորները 18 տարեկան են, բայց բաւականին վճռական, 18 շաբաթ առաջ նրանք չէին կարող պատկերացնել, որ տանկով կրակելու են, բայց այսօր բաւականին համարձակ են, հաւատացէք զէնքի ձգանը քաշելիս ձեռքները չի դողում այլեւս»,– լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է Յովհաննէս Բաղրամեանի անուան ուսումնական զօրամասի հրամանատար Դաւիթ Ալեքսանեանը։
Գնդապետի խօսքով՝ 44-օրեայ պատերազմին ունեցած անյաջողութիւններու պատճառներէն մէկն ալ ուսուցման հինցած մեթոտներն էին։ Սխալներէն դասեր քաղած են, ուսուցման մեթոտները փոխուած են։ Այժմ կեդրոնացած են ռազմավարական զինուոր պատրաստելու ուղղութեամբ՝ ըսած է հրամանատարը։
«Մի զինծառայողն էլ պատերազմի դաշտում արժէք է, եւ մենք գնում ենք նրան, որ մեր զինուորները անհատական մակարդակում լինեն գերպատրաստուած»,– ընդգծած է Դաւիթ Ալեքսանեան։
Յովհաննէս Բաղրամեանի անուան ուսումնական զօրամասին մէջ արդէն կը պատրաստուին ընդունելու ապագայ զինուորականներու յաջորդ սերնդը։ Անոնց կրթական ծրագիրն ընդլայնուած է, այս լսարանին մէջ յաջորդ զօրակոչի մասնակիցներն արդէն հնարաւորութիւն պիտի ունենան սորվելու քանի մը լեզուներ, այդ շարքին՝ ատրպէյճաներէն։ Գիրքի ընթերցման, լեզուներու եւ ատրպէյճանագիտական կեդրոն ունենալը սպաներու ու ուսանողներու նախաձեռնութիւնն է։
Այստեղ սորվելու հնարաւորութիւն կ'ունենան միայն համապատասխան ունակութիւններ ունեցող զինծառայողները։ Լաւագոյնները կը վերապատրաստուին արտերկրի մէջ:
«Յոյսով ենք, որ կը կարողանանք ուսումնական նոր փուլի ընթացքում՝ զինուորների ընդունելութիւն կազմակերպման հետ մէկտեղ ամբողջ ծրագիրը ներառել զօրամասի ուսումնական ծրագրում եւ գործել համաձայն այդ ծրագրի»,– ըսած է զօրամասի գումարտակի հրամանատարի տեղակալ Հայկ Վարդանեանը։
Ուսումնական զօրամասի կրթական գլխաւոր բաղադրիչը, սակայն, բոլոր ժամանակներուն կը մնայ հայրենիքին պատուով ծառայելու գաղափարի սերմանումը։ Զօրամասը 44-օրեայ պատերազմին 12 զոհ ունեցած է։ Անոնցմէ իւրաքանչիւրը զօրանոցին մէջ իր անկիւնն ունի, բոլոր 12–ի անունները մինչեւ հիմա ընդգրկուած են երեկոյեան անուանականչի մատեաններուն մէջ։
Մանրամասները՝ տեսանիւթին մէջ։