ՀՀ տարածքին կան փակ ճանապարհներ, կը տեղեկացնեն Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութենէն:
Փակ են Արագածոտնի մարզին մէջ «Ամբերդ» բարձր լեռնային օդերեւութաբանական կայանէն դէպի Ամբերդ ամրոց եւ Քարի լիճ տանող ճանապարհները:
Մ3 ճանապարհի Արմաւիրի մարզի Լուսագիւղ-Երասխահուն հատուածին մէջ գտնուող կամուրջի վնասման հետեւանքով ճանապարհահատուածի երթեւեկութիւնը կ'իրականացուի մէկ գօտիով` երկկողմ երթեւեկութեամբ:
Գեղարքունիքի մարզին մէջ, Շիրակի մարզի Աշոցքի եւ Ամասիայի տարածաշրջաններուն մէջ ձիւն կը տեղայ:
Շիրակի մարզի Ամասիայի տարածաշրջանին մէջ բուք է:
Ստեփանծմինտա-Լարս ճանապարհը բաց է բոլոր տեսակի փոխադրամիջոցներուն համար: