Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Սուրիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան՝ Մոհամմէտ Հաժ Իպրահիմ յառաջիկայ օրերուն Սուրիա պիտի վերադառնայ։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ սուրիական «Ալ Ուաթան» պարբերականէն։
Կը նշուի նաեւ, որ եղածը բրոթոգոլային կարգադրութիւն մըն է, որովհետեւ դեսպան Իպրահիմի կողքին Սուրիա պիտի վերադառնան նաեւ վեց այլ երկիրներու դեսպաններ։
Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի բարեկամ դեսպան Իպրահիմ կարեւոր ներդրում ունեցաւ Հայաստան-Սուրիա յարաբերութեանց զարգացման տեսակէտէն եւ միշտ ալ շեշտը դրած Հայաստան-Սուրիա պատմական հիմքեր ունեցող բարեկամական յարաբերութեանց վրայ։
Դեսպանին կը մաղթենք լիարժէք յաջողութիւն, յառաջիկայի իր բոլոր ծրագիրներուն առընթեր։