image
Հրատապ լուրեր:

Հայաստանի մէջ. Կազի սակը 4.7 դրամով գնաճ արձանագրեց

Հայաստանի մէջ. Կազի  սակը 4.7  դրամով  գնաճ արձանագրեց

Այսօրուընէ կազի սակագինը սովորական սպառողներու համար պիտի բարձրանայ 4․7 դրամով` դառնալով 143.7 դրամ․ Հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող յանձնաժողովը (ՀԾԿՅ) մէկ ամիս առաջ բաւարարած էր «Կազփրոմ Արմէնիա»ի յայտը, սակայն ՀԾԿՅ-ի կատարած առաջարկներուն հիման վրայ․ ռուսական ընկերութիւնը կ'առաջարկէր կապոյտ վառելանիւթի միասնական սակագին սահմանել 135.6 դրամ, կարգաւորող յանձնաժողովն ալ յայտը ուսումնասիրելէ յետոյ իր հաշուարծները ներկայացուցած էր` առաջարկելով անապահով խաւերու համար սակագինը անփոփոխ թողել` 100 դրամ, սովորական սպառողներու համար կազը թանկացնել 4.7 դրամով` սահմանելով 143.7 դրամ:

Ամսական 10 հազար խորանարդ մեթրէն շատ կազ սպառողներու` առեւտուրի համար կապոյտ վառելանիւթը Ապրիլ 1-էն պիտի սղի 3,9, իսկ ջերմոցային տնտեսութիւններու համար` 4,5 տոկոսով: