Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւն ըսած է, որ «Նիկոլ Փաշինեանի արտայայտութիւնները փոխուած են պատերազմին մեր տարած յաղթանակի հետեւանքով»:
Ելոյթ ունենալով «Ղարաբաղ. Վերադարձ տուն 30 տարի անց, ձեռքբերումներ եւ մարտահրաւէրներ» համաժողովին՝ Ալիեւ յիշեցուցած է, որ 2019 թուականին Նիկոլ Փաշինեանը Ստեփանակերտի մէջ յայտարարած էր, որ «Արցախը Հայաստան է եւ վե՛րջ», իսկ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարն ըսած էր, որ նոր պատերազմի պարագային Ատրպէյճանը նոր տարածքներ կը կորսնցնէ:
«Հիմա Փաշինեանը կ՚ըսէ, որ Ղարաբաղը Ատրպէյճան է, եւ ան այդ կ՚ըսէ միայն այն պատճառով, որ մենք յաղթած ենք պատերազմին: Խաղաղութեան պայմանագիրը շատ կարեւոր է, բայց Ատրպէյճանի համար կարեւոր է վստահ ըլլալ, որ երբ Հայաստանի մէջ կը յայտարարեն Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը ճանչնալու մասին, այդտեղ որեւէ երկիմաստութիւն չըլլայ:
Բայց գաղափարախօսութիւնը Հայաստանի մէջ չէ փոխուած: Միակ տարբերութիւնը Հայաստանի կառավարութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ այն է, որ Փաշինեանը կը գիտակցի, որ եթէ Հայաստանը կրկին յաւակնի Ատրպէյճանի տարածքներուն, մենք նորէն կը ջախջախենք անոնց: Իսկ ընդդիմութիւնը կ՚ուզէ, որ այդ տեղի ունենայ, քանի որ անոնք կ՚ուզեն ազատիլ Փաշինեանէն», -ըսած է Իլհամ Ալիեւ: