Հայաստանի մէջ Եւրոպական միութեան դիտորդական առաքելութիւնն ընդունած է Եւրոպական խորհուրդի ճգնաժամային կառավարման քաղաքացիական հարցերով կոմիտէի պատուիրակութիւնը։
Այս մասին նշուած է Հայաստանի մէջ Եւրոպական միութեան դիտորդական առաքելութեան X-ի էջին տարածուած գրառման մէջ։
«Մեծ պատիւ է ընդունիլ Եւրոպական խորհուրդի ճգնաժամային կառավարման քաղաքացիական հարցերով կոմիտէի պատուիրակութիւնը։ Այսօր պատուիրակները հանդիպած են Եւրոպական միութեան դիտորդական առաքելութեան անձնակազմի հետ եւ իրար պարեկային խումբերուն՝ Գորիսի, Խաչիկի եւ Երասխի մէջ՝ աւելին իմանալու Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան աշխատանքի եւ տեղւոյն մէջ տիրող իրավիճակի մասին»,- նշուած է գրառման մէջ: