image

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ԱԳ նախարարներու հանդիպում պիտի չըլլայ

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ԱԳ նախարարներու հանդիպում պիտի չըլլայ

Առաջիկային Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպում նախատեսուած չէ։ Այս մասին, նոյեմբերի 23-ին, ԱԺ-ի մէջ  լրագրողներու հետ զրոյցին ըսած է ՀՀ ԱԳ փոխնախարար Մնացական Սաֆարեանը։

Հարցին՝ յառաջիկային նախատեսուա՞ծ է Միրզոյեան-Պայրամով հանդիպում, ի պատասխան՝ ան արձագանգած է. «Այդպիսի տեղեկատւութիւն դեռեւս չկայ»։

ԱԳ փոխնախարարը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի պետական սահմանին սահմանազատման յանձնաժողովի հերթական հանդիպումը համարած է Հայաստանի կողմէ կառուցողականության դրսեւորում:

Յիշեցնենք՝ երէկ յայտնի դարձաւ, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի պետական սահմանին, ըստ նախնական պայմանաւորուածութեան, նոյեմբեր 30-ին պիտի կայանայ պետական սահմանի սահմանազատման յանձնաժողովի հերթական նիստը։