image
Հրատապ լուրեր:

Հայաստան պէտք է ֆրանսայի թանգարանէն վերցնէ ցեղասպանութեան հինգ զոհերու գանկերը

Հայաստան պէտք է ֆրանսայի թանգարանէն վերցնէ ցեղասպանութեան հինգ զոհերու գանկերը

28 Նոյեմբեր 2022ին, «Նիւ Եորք Թայմզ» թերթը հրապարակած է լրագրող Քանսթընթ Մէյութի ցնցող յօդուածը՝ «Փարիզի թանգարանը ունի 18 հազար գանկ. դժուար է ըսել, թէ անոնք որո՛ւն են», վերնագրով։

Յօդուածը ցոյց կու տայ, որ Փարիզի Մարդու թանգարանին մէջ կը պահուի «Մարդու  աճիւններու հսկայական հաւաքածոյ»: Այս թանգարանին նկուղը կը գտնուին «18 հազար գանկեր, որոնց շարքին են ափրիկեան ցեղերու առաջնորդներու, քամպոտիացի ապստամբներու եւ Ովկիանիոյ բնիկ մարդոց աճիւնները: Անոնցմէ շատեր հաւաքուած են ֆրանսական նախկին գաղութներու մէջ։ Հաւաքածոն կը  ներառէ նաեւ աւելի քան 200 բնիկ ամերիկացիներու գանկեր, անոնց շարքին՝ Սու եւ Նաւահօ ցեղերու գանկերը։ Մետաղական դարակներու վրայ ստուարաթուղթէ արկղերու մէջ պահուող աճիւնները կը կազմեն Մարդու գանկերու ամենամեծ հաւաքածոներէն մէկը աշխարհի մէջ՝ ընդգրկելով դարեր եւ ներառելով աշխարհի բոլոր անկիւնները»: Գանկերէն հինգը կը պատկանին Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն։ Թանգարանը չէ հրապարակած 18 հազար գանկերուն ինքնութիւնը՝ վախնալով փոխ հատուցման հայցերէն:

Ես կարդացած եմ Ֆրանսայի Ծերակոյտի յանձնախումբին 15 Դեկտեմբեր 2021ի զեկոյցը թանգարանին մէջ աճիւններու ճակատագրին վերաբերեալ առաջարկուող օրէնքի քննարկման մասին: Այդ հանդիպման ժամանակ առաջարկուող օրէնքի համահեղինակ ծերակուտական Քեթրըն Մորըն-Տիսէյլի  յայտարարեց՝ «զարմանալի է, որ մեր հաւաքածոներուն մէջ կը յայտնաբերենք գանկեր, Հայոց Ցեղասպանութեան ժամանակէն»։ Առաջարկուող օրէնքի մէկ այլ համահեղինակ, ծերակուտական Փիեռ Ուզուլիաս աւելցուց. «Ես ընկճուած էի գիտնալով, որ Տէյր-էլ Զօրի մէջ (Սուրիա) յայտնաբերուած Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու հինգ հայկական գանկեր տակաւին կը գտնուին Մարդու թանգարանի հաւաքածոներուն մէջ»։

Քանի որ «Նիւ Եորք Թայմզ»ի թղթակից Մէյութ իր յօդուածին մէջ նշած էր, որ ինք գաղտնի փաստաթուղթեր ձեռք բերած է թանգարան գտնուող Մարդու աճիւններուն մասին, ես գրեցի իրեն՝ հարցնելով, թէ արդեօք այդ փաստաթուղթերը կը պարունակե՞ն մանրամասնութիւններ Հայոց Ցեղասպանութեան հինգ զոհերու գանկերուն մասին: Ան ինծի տեղեկացուց, որ ատոնք կիներու գանկեր էին, զորս ֆրանսացի նախապատմութեան մասնագէտ Էմմանուէլ Փասեմար հաւաքած էր Սուրիոյ մէջ իր հետազօտութիւններուն ընթացին, 1925-1926 թուականներուն: Ֆրանսական նախապատմութեան ընկերութեան տեղեկագիրը կը հաղորդէ, որ Փասեմար դասախօսութիւն տուած է Փարիզի Սորպոնի համալսարանին մէջ, 16 Փետրուար 1927ին. դասախօսութեան ընթացքին ան նկարագրած է իր ճամբորդութիւնը դէպի Եփրատ գետի ափերը, Սուրիոյ մէջ:  

Մէյութ իր յօդուածին մէջ գրած է, որ «թէեւ Ֆրանսա յառաջատար է Եւրոպայի մէջ  գաղութատիրութեան ժամանակաշրջանի գտածոներու՝ մարդու ձեռքով ստեղծուած մշակութային առարկաներու հավաքածոներու հետաքննման եւ վերադարձի հարցով, սակայն  աճիւններու խնդրով ան ետ կը մնայ իր դրացիներէն»: Աճիւններու պահանջատէրը  պէտք է ապացուցէ ժառանգական կապը։ Այսուամենայնիւ, «որեւէ վերադարձ՝ ֆրանսական օրէնսդրութիւնը դարձուցած է ծանր եւ ժամանակ սպառող գործընթաց»:

Մէյութ աւելցուցած է. «Ինչպէս 19-րդ դարու միւս թանգարանները, Մարդու թանգարանը ի սկզբանէ եղած է ամբողջ աշխարհէն հաւաքուած իրերու պահոց: Գանկերը հաւաքուած են հնագիտական պեղումներու եւ գաղութային արշաւներու ժամանակ, երբեմն զինուորներու կողմէ, որոնք գլխատած են դիմադրութեան մարտիկները: Աճիւնները, որոնք գնահատուած են, այժմ  վարկաբեկուած  ցեղային գիտութեան բնագաւառին մէջ աշխատող հետազօտողներու կողմէ, այնուհետեւ յարաբերական մոռացութեան մատնուած են: 1989-ին, Ֆիլիփ Մենեսիէր՝ (թանգարանի) վարիչը, կազմած է հաւաքածոյի առաջին շտեմարանը: Ասիկա անոր հնարաւորութիւն տուած է բացայայտելու հարիւրաւոր, ինչպէս ան կոչած է՝  «հնարաւոր վիճարկելի» գանկեր՝ հակագաղութային մարտիկներու եւ բնիկ մարդկանց աճիւնները, որոնք հաւաքուած էին իբրեւ պատերազմի աւար կամ թալանուած էին հետախոյզներու կողմէ. աճիւններ, զորս կրնային պահանջել բոլոր անոնք, որոնք կը փափաքէին յարգել իրենց նախնիներուն յիշատակը»:

Բնագիտական պատմութեան թանգարանի բարձրաստիճան պաշտօնեայ Քրիսթին Լեֆեւր, որ կը վերահսկէ Մարդու թանգարանը եւ Մարթին Ֆրիզ, որ պատասխանատու է թանգարանի ժամանակակից մարդաբանութեան հաւաքածոներու համար, Մէյութին ըսած են, որ տեղեկութիւնը չէ հրապարակուած գաղտնիութեան, վախի, հակասութիւններու եւ որոշ  աճիւններու ինքնութեան մասին գոյութիւն ունեցող անորոշութեան պատճառով: «Բայց քանի մը ակադեմիկոսներ եւ օրէնսդիրներ կ՛ըսեն, որ թանգարանի դիրքորոշումը կը բխի աւելի մեծ մտահոգութենէ, որ թափանցիկութիւնը կրնայ բանալ փոխ հատուցման պահանջները», գրած է Մէյութ: «Վերջին երկու տասնամեակներուն ընթացքին Ֆրանսա վերադարձուցած է մօտաւորապէս 50 աճիւններ, որոնց շարքին՝ Հարաւային Ափրիկէի, Նոր Զելանտայի եւ Ալճերիոյ»։

Մէյութ բացատրած է, որ «հարցերը աւելի կը բարդանան, որովհետեւ պետական թանգարաններու հաւաքածոներուն մէջ գտնուող իրերը կը պատկանին  ֆրանսական պետութեան եւ չեն կրնար փոխել իրենց սեփականութիւնը, այնքան ատեն որ զանոնք վերադարձնելու օրէնքը  չէ քուէարկուած. ծանր գործընթաց մը, որ երբեմն ստիպած է Ֆրանսայի աճիւնները փոխ տալ՝ սեփականութիւնը զիջելու փոխարէն:  Ֆրանսայի մշակոյթի նախարարութեան ներկայացուցիչը ըսած է, որ պաշտօնեաները կ՛աշխատին  համապարփակ օրէնքի մը վրայ՝ կարգաւորելու համար Մարդու աճիւններու ապագայ վերադարձը»: Ֆրանսայի կառավարութիւնը դեռ պէտք է ընդունի «Ծերակոյտի կողմէ Յունուարին ընդունուած այն օրինագիծը, որ կը ջնջէ խորհրդարանին կողմէ իւրաքանչիւր փոխ հատուցում հաստատելու անհրաժեշտութիւնը»:

Ֆրանսայի Ծերակոյտի յանձնախումբի լսումներուն ընթացքին, անդրադառնալով Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու գանկերուն, Ծերակուտական Ուզուլիաս իր գործընկերներուն ըսաւ. «Ասիկա անհանդուրժելի  է: Մենք դիւանագիտական գլխաւոր հակամարտութեան մը սպառնալիքը կը յարուցենք որոշ երկիրներու հետ, երբ անոնք իմանան մեր հաւաքածոներուն բովանդակութեան մասին: Ժամանակն է ասիկա դադրեցնելու: Մենք այլեւս չենք կրնար մեր պահարաններուն մէջ դիակներով ապրիլ»։

Այժմ, երբ հայերը իմացած են Ֆրանսայի թանգարանին մէջ պահուող Հայոց Ցեղասպանութեան հինգ զոհերու գանկերուն մասին, կ՛առաջարկեմ Հայաստանի կառավարութեան, որ Փարիզի մէջ իր դեսպանատան միջոցով անյապաղ խնդրանքով մը դիմէ այս գանկերը Հայաստան վերադարձնելու համար, որպէսզի անոնք իրենց վերջին հանգրուանը գտնեն Երեւանի մէջ, Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիրին մօտերը։ Այս զոհերը արժանի են պատշաճ յուղարկաւորութեան՝ մէկ դար արկղերու մէջ, ֆրանսական թանգարանին նկուղը պահուելէ ետք:

 

Յարութ Սասունեան
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ
www.TheCaliforniaCourier.com

Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան 
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան

 

Յարութ Սասունեան

Յարութ Սասունեան

California Courier շաբաթաթերթի հրատարակիչն եմ...