image

Հայաստան չի պատրաստուիր վճարել ՀԱՊԿ անդամավճարը

Հայաստան չի պատրաստուիր վճարել ՀԱՊԿ անդամավճարը

Հայաստանի ԱԳՆ-ն «Sputnik Արմենիա»ին մեկնաբանած է երկրի դիրքորոշումը՝ կապուած ՀԱՊԿ պիւտճէ տարեկան մուծումներու վճարման հետ։ Ի պատասխան պաշտօնական հարցման՝ վարչութիւնը հաստատած է, որ Երեւանը ծանուցած է կազմակերպութեան քարտուղարութեան համապատասխան փաստաթուղթի ստորագրումէն զերծ մնալու որոշման մասին։

«Հայկական կողմը պաշտօնապէս ծանուցել է ՀԱՊԿ քարտուղարութեանը, որ ձեռնպահ է մնում «ՀԱՊԿ 2024 թուականի բիւջէի մասին» որոշման ստորագրումից եւ, համապատասխանաբար, կազմակերպութեան գործունէութեան ֆինանսաւորմանը մասնակցելուց»,- յայտնած են ԱԳՆ-էն։

Գերատեսչութիւնն ընդգծած է նաեւ, որ ՀԱՊԿ-ի ներքին ընթացակարգերու համաձայն՝ տարեկան պիւտճէի մասին տեղեկատւութիւնը ենթակայ չէ հանրային տարածման։