Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւններու կարգաւորումը կը շարունակէ կենսական նշանակութիւն ունեցող ոլորտ մնալ Ուաշինկթընի եւ անձամբ արտաքին գործոց նախարարի համար. այս մասին ճեպազրոյցին ըսած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի փոխխօսնակ Վետանթ Փաթելը։
Ան ընդգծած է, որ ամերիկեան կողմը չի կեդրոնանար հիասթափութիւններու վրայ եւ պարզապէս կը շարունակեն աշխատիլ։