image

«Մալոյեան արք.ի Սրբադասումը յոյսի նշոյլ մըն է՝ ամբողջ Հայութեան համար». Արամ Գարատաղլեան(Ձայնագրութիւն)

«Մալոյեան  արք.ի  Սրբադասումը  յոյսի նշոյլ մըն է՝ ամբողջ Հայութեան համար». Արամ Գարատաղլեան(Ձայնագրութիւն)

«Արեւելք»ի հարցումներուն կը պատասխանէ լիբանանահայ համայնքային գործիչ, Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ Հարպոյեան Բարձրագոյն վարժարանի տնօրէն՝ Արամ Գարատաղլեան: 

- Պր. Գարատաղլեան, մասնակից եղաք Մալոյեան  եպս. Սրբադասման սրբազան արարողութեան։ Ի՞նչ  են ձեր տպաւորութիւնները  եւ ինչ զգացումներով հեռացաք Վատիկանէն։

Երանելի Մալոյեանի սրբադասման արարողութիւնը, որ տեղի  ունեցաւ 19 հոկտեմբեր, 2025-ին Վատիկանի մէջ իսկապէս պատմական արարողութիւն մըն էր, եւ ես հպարտութեան եւ ուրախութեան խառն զգացումներ ունեցայ:  Այս երկրորդ անգամն էր, որ այսպիսի զգացումներ կ'ունենամ, առաջինը՝ ճիշդ 10 տարի առաջ՝ 2015-էր, երբ նոյն վայրին մէջ, Ս. Պետրոս տաճարին մէջ նշեցինք Հայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեակը հայածէս Ս. Պատարագով, որ այն ատեն մատուցեց երջանկայիշատակ Ֆրանչիսկոս քահայանապետը իր կողքին ունենալով երջանկայիշատակ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. հայ կաթողիկէ կաթողիկոս պատրիարքը, նաեւ վեհափառ հայր Արամ Ա. կաթողիկոսը եւ Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսը: Այդ ատեն ալ հպարտութեամբ լեցուած էինք, որ ինչպէս ամբողջ աշխարհի աչքերը դէպի Վատիկան յառած կը լսէին Հայոց Ցեղասպանութեան մասին: Այսօր, ճիշդ 10 տարի ետք, Հայ Կաթողիկէ համայնքը անգամ մը եւս եկաւ արձանագրելու երկրորդ պատմական իրողութիւն մը, Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակ՝ Իգնատիոս արք. Մալոյեանի սրբադասումը 6 այլ սուրբերու կողքին հազարաւոր ժողովուրդի ներկայութեամբ. իսկապէս բացառիկ երեւոյթ մըն էր, 10 տարի ետք անգամ մը եւս աշխարհին յիշեցուցինք Հայոց Ցեղասպանութեան մասին, ինչպէս գիտէք շատեր մոռցած են կամ կ'ուզեն մոռնալ, արդարութեան նշոյլ մը բերինք, որ այս Ցեղասպանութեան նահատակներէն մէկը՝ արքեպիսկոպոս մը, այսօր կաթողիկէ եկեղեցւոյ սուրբ կ'օծուի: Ես կը կարծեմ, որ այս մէկը նոր թափ մը կու տայ հայ դատին: 

 

-  Մալոյեան սրբացեալ հոգեւորականը  դարձաւ ոչ միայն հայաշխարհի այլ ամբողջ ընդհանրական աշխարհի  Սուրբ։ Երեւոյթը ի՞նչ տուաւ հայութեան եւ մարդկութեան, ի՞նչ են  եկեղեցւոյ եւ Հայ Կաթողիկէ համայնքի  սպասումները այս պատմադրոշմ առիթէն։

Ես Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ եւ համայնքին անունով չեմ կրնար խօսիլ,  թէ ինչ սպասումներ ունին այս պատմադրոշ առիթէն: Իմ անձնական կարծիքով, նախ յոյսի նշոյլ մըն է հայութեան համար, որ Ցեղասպանութեան նահատակ արքեպիսկոպոս մը 110 տարի ետք կը սրբադասուի Հռոմի Պապին կողմէ եւ կը դառնայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ սուրբ:      

Երկրորդ՝ առիթ մըն է, որ այս սրբադասումով աշխարհի չորս ծագերէն մարդիկ սկսին հետաքրքրուիլ Մալոյեանով: Տարբեր ազգերու, տարբեր համայնքներու եպիսկոպոսներ, արքեպիսկոպոսներ սկսած են նամակներ յղել Զմմառու պատրիարքական միաբանութեան խնդրելով  նոր սուրբին մասունքը: Կը կարծեմ, որ այս սուրբին ա՛լ աւելի ծանօթանալով շատեր պիտի ծանօթանան Հայոց Ցեղասպանութեան, եւ մեր դատին, որ մեր ինքնութեան մաս կը կազմէ, եւ որ շատեր կը փորձեն ծածկել զայն, յատկապէս քաղաքականութեամբ, սակայն հայ կաթողիկէ համայնքը կու գայ տարբեր թափ մը տալու այս դատին, եւ հանելու անոր վրայ ծածկուած քաղաքական քօղը եւ դարձեալ տարածելու համայն աշխարհով: 

 

-  Կը նկատենք, որ հայութիւնը ոչ այնքան խանդավառ է, ինչքան Կաթողիկէ աշխարհը այս առիթով եւ սրբադասման արարողութեամբ։ Ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք այս մէկը։

Պիտի արտօնես, որ համաձայն չգտնուիմ հետդ այս կէտին մէջ, թէ Կաթողիկէ աշխարհը աւելի խանդավառ էր քան հայութիւնը: Եթէ այդ օր ներկայ ըլլայիք Ս. Պետրոսի հրապարակ, Վատիկանի մէջ, պիտի տեսնէիք բազմաթիւ հայ ազգի զաւակներ, որոնք ներկայ էին սրբադասման արարողութեան, որոնք ժամանած էին աշխարհի չորս ծագերէն,  ինչպէս նաեւ այդ հազարաւոր հայերը, որոնք հետեւեցան ուղիղ եթերով հեռատեսիլի կայաններէն կամ մամուլէն, հարիւրաւոր հեռաձայնները, նամակներն ու պատգամները, ուղարկուած կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամներուն, եւ որոնք կը փոխանցէին միայն գոհունակութիւն, գնահատանք, եւ հպարտութիւն, կը կարծեմ, որ պիտի զգայիք, որ հայութիւնը բաւական հետաքրքրուած էր եւ լաւ կերպով ալ ներկայացուած էր այդ օրուան ընթացքին: Բաղդատելով կաթողիկէ աշխարհը հայութեան հետ, գիտենք, որ անոնց հաւատացեալներուն թիւը շատ աւելի է քան համայն հայութիւնը, բնականաբար անոնք աւելի հետաքրքրուած պիտի երեւէին: Մի մոռնաք նաեւ, որ Ս. Մալոյեանի կողքին 6 այլ սուրբեր կային զանազան կաթողիկէ համայնքներէ եւ երկիրներէ, բնական է, որ խանդը աւելի պիտի երեւէր ոչ հայ քրիստոնեաներուն կամ կաթողիկէներուն: Բայց ինչպէս ըսի, համաձայն չեմ որ հայութիւնը հետաքրքրուած չէր, այլ բաւականին հետաքրքրուած էր եւ լաւ ձեւով ալ ներկայ գտնուած ու հետեւած այս պատմական իրադարձութեան:  

 

- Հայաստանի մէջ ընդհանրապէս մարդիկ չհետաքրուեցան այս երեւոյթով։ Ըստ Ձեզի ի՞նչ են իրական պատճառները այս  անտարբերութեան։

Հայաստանի պարագային, մարդիկ չհետաքրքրուելու կամ անտարբեր գտնուելու մասին ես տուեալներ չունիմ: Գիտեմ, որ Հայաստանի պետութիւնը բարձրաստիճան պատուիրակութեամբ մը ներկայ գտնուեցաւ: Մենք ընդունեցինք զիրենք: Ես ծանօթացայ բաւական անձերու, որոնք Հայաստանէն ժամանած էին Վատիկան, վստահ եմ, որ Հայաստանի մէջ ալ մարդիկ ուղիղ եթերով հետեւեցան այս օրուան: Արդեօք անոնք հետաքրքրուած էին կամ անտարբեր ես անոր պատասխանը չունիմ, բայց իմ անձնական կարծիքս այն է, որ Հայաստանի ներկայ վիճակը եւ ներքին տագնապը կրնան պատճառներէն մէկը ըլլալ, որ մեր հայրենակիցները պէտք եղածին պէս չհետեւեցան սրբադասութեան օրուան:     

 

- Մալոյեան եպս. եթէ  ընդհանրական եկեղեցւոյ Սուրբ է, ապա նաեւ ամբողջ հայութեան Սուրբն է: Այդ առումով, ինչ պէտք է ընել, որ անոր անունը հասանելի դառնայ ամբողջ հայութեան։

Սրբադասման այս արարողութիւնը ինքնին արդէն մեծ քայլ մըն էր եւ համայն աշխարհը ծանօթացաւ Ս. Մալոյեանին: Նաեւ հայազգի զաւակները ըլլայ Հայաստանի կամ սփիւռքի մէջ աւելի մօտէն ծանօթացան մեր սուրբին: 

Հայ Կաթողիկէ համայնքը բաւական քայլերու ձեռնարկած է ապագայի համար: Զմմառու վանքին մէջ Ս. Մալոյեանի յաճախած դպրեվանքը, նաեւ այն վայրը, ուր ան քահանայ ձեռնադրուած է, արդէն կը գործէ, որպէս անոր յատուկ թանգարան,  Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութիւնը հրաւէրներ ուղարկած է Լիբանանի հայկական վարժարաններուն, միութիւններուն, որպէսզի ուխտագնացութիւններ կատարեն դէպի վանք եւ այցելեն Մալոյեանի թանգարանը: Բազմաթիւ լեզուներով աղօթքներ եւ սրբապատկերներ տպուած են, անոնցմէ շատեր կը պարունակեն մասունքներ Ս. Մալոյեանի շուրջառէն կամ զգեստէն,  այս բոլորը ժողովուրդին տրամադրութեան տակն են եւ կը խնդրենք ժողովուրդէն, որ այդ աղօթքները բարձրացնեն մեր սուրբին բարեխօսութիւնը խնդրելով: 

Ինչպէս նաեւ հոգեւոր եւ մշակութային բաւական ձեռնարկներ ծրագրուած են ապագայի համար, որոնց մասին կը տեղեկանաք մամուլով եւ մեր պաշտօնական էջերով: Ձեռնարկներէն մաս մը 2025-ին տեղի պիտի ունենայ, իսկ մաս մըն ալ 2026-ին եւ պիտի շարունակուին:  

Այսօր Ս. Մալոյեանը կը միանայ մեր սուրբերուն շարքին, օր մը պիտի ճշդուի, որ պիտի ըլլայ Ս. Մալոյեանի օր, եւ այդ օրը պիտի յիշատակուի Ս. Մալոյեանը  բոլոր կաթողիկէ կառոյցներէն, եկեղեցիներէն, ժողովրդապետութիւններէն եւ վարժարաններէն ներս: Այս բոլորը կը նպաստեն, որ մեր սուրբին անունը հասանելի դառնայ ոչ միայն հայութեան այլ նաեւ ամբողջ աշխարհին: