image

Հայ կանանց «ազգային» դիմակները՝ անկախ համաճարակներէն

Հայ կանանց «ազգային» դիմակները՝ անկախ համաճարակներէն

Հայկական տարազի մէջ կը գերակշռեն Երկրի չորս տարրերու (հող, ջուր, օդ եւ կրակ) գոյները, որոնք 14-րդ դարու հայ փիլիսոփայ Գրիգոր Տաթեւացիի վկայութեամբ, կ'արտայայտեն երկրի սեւութիւնը, ջուրի սպիտակութիւնը, օդի կարմիրը եւ կրակի դեղինը։ Ծիրանին կը խորհրդանշէ խոհեմութիւն եւ ողջախոհութիւն, կարմիրը՝ արիութիւն եւ մարտիրոսութիւն, կապոյտը՝ երկնաւոր արդարութիւն, սպիտակը՝ մաքրութիւն։ Տարազներու կատարման եղանակներու մէկ մասը մինչեւ մեր օրը պահպանուած է եւ կիրառական արուեստի մէջ շատ յաճախ կ'օգտագործուի, բայց կան մեթոտներ, որոնք մենք կորսնցուցած ենք: Անոնցմէ մէկն ալ սպիտակ քթակապն է, որ ժամանակի ընթացքին դուրս  եկած է ազգային տարազէն:

Նայելով լուսանկարները, կը տեսնենք, որ հայ կանայք որպէս մաքրութեան նշան անցեալին օգտագործած են քիթն ու բերանը պաշտպանող կապեր, որոնք միշտ մաքուր պահած են: Անոնք կարելի է համարել վարակներէ եւ մանրէներէ պաշտպանող այսօրուան դիմակներու նախատիպերը: