Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան անդրադարձած է հայ-ատրպէյճանական սահմանին տիրող իրավիճակին եւ պատասխանած՝ Քաշաթաղի մէջ տեղի ունեցած ատրպէյճանա-թրքական համատեղ զօրվարժութիւններու մասին հարցին:
«Մենք կը հետեւինք Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ սահմանի առանձին հատուածներու մէջ տիրող իրավիճակին: Իրավիճակի զարգացումը, այդ շարքին նաեւ Որոտան գիւղի մօտակայքը, եւս մէկ անգամ կ'ընդգծէ սահմանազատման եւ անոր յաջորդող սահմանագծման գործընթացի մեկնարկի անհրաժեշտութիւնը: Ռուսիոյ առաջարկները այս հարցով փոխանցուած են ե՛ւ Պաքուին, ե՛ւ Երեւանին: Կ'ակնկալենք շուտափոյթ պատասխան՝ հետագայ ընթացքը կազմակերպելու համար: Զուգահեռաբար Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ պիտի շարունակենք ջանքերը՝ ուղղուած տարածաշրջանին մէջ տնտեսական եւ ճանապարհային կապերու ապաշրջափակման՝ 9 Նոյեմբեր 2020-ի եւ 11 Յունուար 2021-ի՝ բարձրագոյն մակարդակով եռակողմ պայմանաւորուածութիւններու իրագործման ծիրին մէջ», ըսած է Զախարովա:
Անդրադառնալով Լաչինի (Քաշաթաղ) շրջանին մէջ թուրք-ատրպէյճանական զօրավարժութիւններուն՝ տարածաշրջանի խաղաղութեան սպառնալիք հանդիսանալու առումով՝ Զախարովա նշած է, որ իրենք կապի մէջ են ատրպէյճանական կողմին հետ. «Ռուսական դիրքորոշումը հասցուած է պաշտօնական Պաքուին՝ հաշվի առնելով, որ այն ըմբռնումով ընդունուած է ատրպէյճանցի գործընկերներուն կողմէ»: