image

Հայ-ատրպէյճանական սահմանազատումը պիտի կանխէ սահմանային միջադէպերու յառաջացումը. ՌԴ ԱԳՆ

Հայ-ատրպէյճանական սահմանազատումը պիտի կանխէ սահմանային միջադէպերու յառաջացումը. ՌԴ ԱԳՆ

Ռուսաստանը կը շարունակէ սերտօրէն աշխատիլ գործընկերներուն հետ` Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսաստանի ղեկավարներու եռակողմ յայտարարութիւնը կեանքի կոչելու նպատակով, որն այդ շարքին նաեւ հայ-ատրպէյճանական սահմանի սահմանազատման եւ հետագայ սահմանագծման հարցով երկկողմ յանձնաժողովի ստեղծում կը նախատեսէ` Մոսկուայի խորհրդատուական աջակցութեամբ: Այս մասին յայտարարած է Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ մամուլի  բաժնի փոխտնօրէն Ալեքսէյ Զայցեւը:

«Վստահ ենք, որ յանձնաժողովի ձեւաւորումը եւ սահմանազատման գործընթացի մեկնարկը պիտի նպաստեն սահմանային միջադէպերու կանխարգիլման եւ, ընդհանուր առմամբ, կարեւոր ներդրում պիտի ունենան Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործին մէջ», ըսած է Զայցեւը: