image

Հաթայի մէջ. Հայ ընտանիքի մը փլատակներուն տակ մնալու մասին նախնական տեղեկութիւն կայ

Հաթայի մէջ. Հայ ընտանիքի մը փլատակներուն տակ մնալու մասին նախնական տեղեկութիւն կայ

Այս պահի դրութեամբ Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ երկրաշարժերու հետեւանքով զոհուած հայերու թիւը 5-ն է։ Այս մասին NEWS.am-ի հետ զրոյցին ըսած է Սփիւռքի յանձնակատարի գրասենեակի ռազմավարութիւններու մշակման բաժնի պետ Յովհաննէս Ալեքսանեանը։

«Ունենք տեղեկութիւն, որ թուրքական Հաթայի նահանգում փլատակների տակ մնացած հայ ընտանիք կայ»,- նշած է Ալեքսանեանը։

Աւելի վաղ յայտնած էինք, որ փլատակներու տակ մնացած են նաեւ Տիարպէքիրի մէջ (Տիգրանակերտ) ապրող հայազգի երգչուհի Զիլան Տիգրիսը եւ իր ամուսինը։

Նշենք, որ Թուրքիոյ Մալաթիա քաղաքին մէջ երկրաշարժի հետեւանքով զոհուած են հայազգի ամուսիններ, իսկ դէպքի յաջորդ օրը, հիւանդանոցին մէջ երեխան։ Ընտանիքի միւս զաւակը հիւանդանոցն է, անոր վիճակը բաւարար է։

Սուրիոյ մէջ զոհուած են հայազգի Միրնա Թէնէքէճեանը եւ որդին՝ Ալպեր Թէնէքէճեանը։ Ընտանիքի դուստրը եւ հայրը հիւանդանոցն են, անոր ոտքը անդամահատուած է։

Նշենք, որ դեռ չճշդուած տեղեկութիւններ կան այլ հայ զոհերու մասին եւս։