Ամերիկեան «Նիւ Եորք թայմզ»ը ծանր տիպի «ռումբ» մը պայթեցուցած է, որուն թիրախն է Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրին։
Թերթը, որ վստահելով իր հետաքննող լրագրողներու ցանցին մանրամասն տեղեկութիւններ հրապարակած է Սաատ Հարիրիի եւ հարաւ-ափրիկէցի գեղեցկուհի Գանտիս Վան Տէր Մէրվի (գեղեցկուհին ծովային հագուստներու թոփ մօտէլ է) միջեւ եղած սիրավէպին մասին նշելով, որ յատկապէս 2013 թուականին Հարիրի իր «բարեկամուհիին» նուիրած է 16 միլիոն տոլար։
Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ «սիրավէպ»ի թէժ ժամանակաշրջանին Հարիրի վարչապետ չէր եւ իր բարեկամուհիին հետ կը հանդիպէր Սիշէլզ կղզիին վրայ, որ կը համարուի աշխարհի ամէնէն թանկ ամառանոց-հաճոյքի վայրերէն մին։
«Նիւ Եորք Թայմզ»ը որ այս թեմային մասին հրապարակած է իր ունեցած բոլոր տուեալները նոյնպէս կը նշէ, որ Հարիրիի գեղուհիին նուիրած է երկու թանկարժէք ինքնաշարժ, լողաւազանով բնակարան եւ թանկարժէք բջիջային հեռախօսներ։
Հարիրիի աղբիւրները մինչեւ այս պահը, ոչ մէկ հակազդեցութիւն տուած են աշխարհով մէկ տարածուած լուրերուն եւ մինչեւ այս պահը կը շարունակեն լռութիւն պահել տեղեկութիւններուն մասին։
Հետաքրքրական է նաեւ, որ իր հրապարակման մէջ կը խօսի Լիբանանի տնտեսական տագնապին մասին նշելով, որ Հարիրիի այս սքանտալը տեղի ունեցած է տագնապին սրելէն առաջ եւ առնչութիւն մը չունի Պէյրութի մէջ այսօր տիրող բարդ դրութեան հետ։