Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը Ռոպերթ Քենետի կրտսերիը հաստատած է ԱՄՆ առողջապահութեան նախարարի պաշտօնին, յայտնած է foxnews.com-ը:
Անոր թեկնածութիւնը հաստատուած է 52 կողմ, 48 դէմ ձայներու յարաբերակցութեամբ: 71-ամեայ Քենետի կրտսերի թեկնածութիւնը բաւականին վիճայարոյց էր, քանի որ ան նախապէս հանդէս եկած է ընդդէմ պատուաստանիւթերու, ատոնք կապած աութիզմի տարածման հետ: Ան դատի տուած էր ԱՄՆ դաշնային կառավարութիւնը՝ վիճարկելով երեխաներու համար COVID-19-ի դէմ պատուաստանիւթի կիրառման թոյլտւութիւնը: