image

Հարցազրոյց Կաղանդ Պապային հետ. Յարութիւն Հարպոյեան

Հարցազրոյց Կաղանդ Պապային   հետ. Յարութիւն Հարպոյեան

Սուրբ Ծնունդը՝  Որպէս Հայ Ժողովուրդի Յաղթանակի Եւ Արժանապատուութեան Վերածնունդ

 

Պէյրութաբնակ Յարութիւն Հարպոյեան Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան սարկաւագ է, «Փոքրերի աշխարհ» եւ «Ծիածան» թատերախումբերու բեմադրիչ, սփիւռքահայութեան «Վանա ձայն» ռատիոկայանի մանկապատենական յայտագիրի հեղինակ եւ վարող, Սուրբ Նիկողայոս հայրապետի հետեւորդ: 

2017 թուականէն ի վեր՝ Հայաստանի մէջ կ'իրականացնէ Ձմեռ պապի իր առաքելութիւնը, հայ մանուկներուն կը տրամադրէ նուէրներ, կը կազմակերպէ անմոռանալի միջոցառումներ: Յարութիւն Հարպոյեան իր մեծ նուիրումով կը փափաքի, որ «ուրախ յիշատակներէն շողարձակէ ամէն մէկ հայի խանդավառութիւնը»:   

 

 

Թ.Մ. – Հետաքրքիր է, թէ ովքե՞ր են Կաղանդ պապին ծնողները:

Յ. Հ – Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքով մարաշցի Մարիամ՝ մայրս եւ պեհեսթինցի Գէորգ՝ հայրս գաղթած են Սուրիա, ուր ալ եւ հանդիպած են իրար: Հայրս որբանոց մեծցած է, հետագային դարձած է հմուտ կօշկակար, իսկ մայրս՝ հայոց լեզուի ուսուցչուհի:

Կ'ամուսնանան, լոյս աշխարհ կու գան ութ զաւակներ՝ հինգ որդի եւ երեք դուստր: Հետագային կ'ապրին Լիբանան (Պէյրութ):

Թ.Մ. –  Յայտնի է, որ Սուրբ Նիկողայոս հայրապետը ծնած է Փոքր Ասիոյ Լիկիա գաւառի Պաթարա քաղաքը, հայկական Գամիրք։ Փոքր հասակէն կորսնցուցած է մեծահարուստ ու բարեպաշտ ծնողներուն եւ մեծցած մօրեղբօր՝ Նիկողայոս եպիսկոպոսի խնամքին ներքոյ։ 

Սուրբ Նիկողայոսը ե՞րբ Ձեզ հիացուցած է:

Յ. Հ. – Մանկութեանս օրերէն ի վեր տպաւորուած եղած եմ Սուրբ Նիկողայոս Սքանչելագործ հայրապետին կերպարով: Մանկութենէս երազած եմ բարեգործութեան մասին: Չափահաս տարիքիս, կարդալով Սուրբ Նիկողայոսի մասին եւ կարեւորելով իր կերպարը, աւելի քան տասը տարի կը ներկայանամ որպէս  Ձմեռ պապ:

 

Թ.Մ. – Ի՞նչ է Ձեզի համար Սքանչելագործ հայրապետի աւետարանական պատգամը՝ «Վաճառէ՛ ունեցուածքդ եւ բաժնէ՛ աղքատներուն»:

Յ. Հ. – Սուրբ Նիկողայոսի կեանքի նշանաբանը՝ խնամք աղքատներուն, հիւանդներուն, բանտարկեալներուն եւ որբերուն հանդէպ, ինծի համար ուղենշային եղած են: Ես միշտ հիացած եմ իր կատարած հրաշքներով (եօթ տարեկանին աղօթած, խաչակնքած եւ բուժած է կնոջ մը, Յիսուս Քրիստոսի անունով վերակենդանացուցած է երեք մանուկ)։ 19 տարեկանին  կը ձեռնադրուի քահանայ, ապա՝ Զմիւռնիոյ եպիսկոպոս։ 

 

Թ.Մ. – Կը պատմէք, որ ծննդեան տօներուն Սուրբ Նիկողայոս փայտով պատրաստուած նուէրներու արժանացուցած է փոքրիկներուն: Դուք ալ կը սիրէք նուէրներ բաժնել մանուկներուն: Ձեր առաքելութիւնը:

Յ. Հ. – Իմ առաջնահերթ նպատակն է պատմելով  Ձմեռ պապի մասին՝ ճանաչել տալ փոքրերուն ու չափահասներուն Սուրբ Նիկողայոս հայրապետին, որուն միակ նպատակն էր բարեգործութիւն կատարել, աւետել մանուկ Յիսուսի ծնունդը:

 

Թ.Մ. – Դուք Ձեզ կը համարէ՞ք Սուրբ Նիկողայոսի աշակերտ:

Յ. Հ. – Ինծի համար մեծագոյն պատիւ է Սուրբ Նիկողայոսին աշակերտելը: Գերնպատակս՝ երիտասարդական շարժում առաջացնելն է, հոգեւոր արժէքներ տարածելը եւ ընդհանրապէս բարիք սփռելը: Արդէն 6 տարի է, ինչ Հայաստան  կ'այցելեմ, ներառեալ՝ սահմանամերձ գիւղեր՝ աւետելու Սուրբ ծնունդը եւ ժպիտ պարգեւելու հայ մանուկներուն: 

 

Թ.Մ. – Ձեր ուղերձը Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդին:

Յ. Հ. – Ինչքա՜ն, ինչքա՜ն ծանր ու դժուար պայմաններ անցան, փոթորիկներ ու խառնակութիւններ, ամբողջ երկրագունդը ջրհեղեղի տակ անցաւ, սակայն, ո՛վ մայր Հայաստան, քու Արարատի գագաթն Աստուած ընտրեց, որպէսզի Նոյեան տապանը այնտեղ հանգչէր: Դուն դիմացար, կանգուն մնացիր, որպէսզի համայն մարդիկ քեզնով հիանան յաւիտեան: Հա՛յ ժողովուրդ, երկրորդ մարդկութեան առաջին ցամաքը եղաւ Հայաստանը: Նոյ նահապետի սերո՛ւնդ, կառչա՛ծ մնացէ'ք սրբազան հողին, Աստուած մեզ պարգեւեց, շնորհեց օրհնեալ այս երկիրը, մի՛ բզկտեք այն, այլ մեծ սիրով իրար հանդուրժէ'ք: Վստահ եղէ'ք՝ սիրով եւ միակամ ամենահզօր ազգը կ'ըլլանք: Ո՛ղջ մնայ, ի՛մ հայ ժողովուրդ, մի՛ յուսահատուիր, դարձեալ կը կանգնինք, սիրոյ ուժով կը յաղթենք, Աստուած առաջ:

 

Թ.Մ. – Ի՞նչ է պակաս հայ քրիստոնեային այսօր:

Յ. Հ. – Սէրն է որ պակաս է. սէրը անձէն կը սկսի: Եթէ սիրենք մեր անձը, կը սիրենք նաեւ մեր Արարիչին: Հայ քրիստոնեային պակաս է անընդհատ աղօթքը, հոգեկան խաղաղութիւնը, փոխադարձ յարգանքը, հաւատը եւ յոյսը:

 

Թ.Մ. – Սուրբ ծննդեան Ձեր բարեմաղթութիւնը:

Յ. Հ. – Ամանորի եւ Սուրբ ծննդեան տօներու առիթով նախ կ'ուզեմ շնորհաւորել մեր քաջարի զոհուած զինուորներու մայրերուն եւ իրենց ընտանիքներուն: Դուք Ձեր ամենաթանկը տուիք Արցախի եւ Հայաստանի պահպանման համար:

Կը խոնարհիմ Ձեր առաջ, կ'աղօթեմ զոհուածներու հոգիներուն համար: Թո՛ղ Յիսուս մանուկի Սուրբ ծնունդը ժողովուրդի համար ըլլայ յաղթանակի եւ արժանապատուութեան վերածնունդ:

 

Թ.Մ. – Յարգելի՛ պարոն Հարպոյեան, շնորհակա՛լ եմ հետաքրքիր եւ բովանդակալից զրոյցի համար:

Յ. Հ. – Ես նոյնպէս շնորհակալ եմ:

 

 

Հարցազրոյցը՝ 

Թեհմինէ Մարտոյեանի 

Պատմական գիտութիւններու թեկնածու

Թանգարանային ցուցադրութիւններու կազմակերպման

բաժինի աւագ գիտական աշխատող

«Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-ինստիտուտ» հիմնադրամ