image

Պէյրութ. Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումի «Կաղանդի Պազար»ը

Պէյրութ. Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումի «Կաղանդի Պազար»ը

Լիբանանի մէջ գործող Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումը կազմակերպած է իր աւանդական ամէնամեայ «Կաղանդի Պազար»ը, որ տեղի պիտի ունենայ Պէյրութի ՀԲԸՄ-ի «Տէմիրճեան» սրահին մէջ յառաջիկայ 5-էն 7 Դեկտեմբերին։

Նշենք, որ սոյն համախմբումը ունի երկար տարիներու ծառայութիւն եւ այս տարին կը զուգադիպի համախմբումի հիմնադրման 65-րդ տարեդարձին։

Նշենք նաեւ, որ ընկերային-կրթական եւ կրօնական ու ազգային գործունէութիւն ծաւալող սոյն մարմնի կողմէ տարածուած բացիկին մէջ մասնաւորապէս կը կարդանք՝ 

«Այս` Նոր Տարուան հանդիսաւոր տօնին առթիւ, եւ տօնին համապատասխան նիւթական նուէրներ տրամադրման հետ զուգահեռ, Համախմբումին առաջնահերթ նպատակն է, իրեն յատկացուած սեղանին վրայ տեղադրուած «Աստուածաշունչ Մատեան»ներով, Աղօթագիրքերով, խաչափայտերով եւ այլ սրբազարդերով մատուցուած սեղանին ընդմէջէն, Երիտասարդ Նոր Սերունդին ներշնչել Քրիստոնէական հաւատք, ամրապնդել անոնց ներաշխարհը հոգեւոր կեանքի հայեցի արժէքներով եւ Յիսուսի ծնունդով` սերմանել անոնց հոգիներուն մէջ սէր եւ բարութիւն»։

Յաջողութիւն կը մաղթենք Լիբանանի մէջ գործող Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումի բոլոր անդամներուն եւ ի մասնաւորի սոյն մարմնի նուիրեալ ատենապետուհի՝ Տիկն. Անահիտ Պուլտուքեան-Տանձիկեանին, որ երկար տարիներու վաստակ եւ նուիրում ունի սոյն ոլորտին մէջ։