image
Հրատապ լուրեր:

Հարաւային Թուրքիոյ Մէջ Պատմական Գերեզման Մը Պիտի Տեղափոխուի

Հարաւային Թուրքիոյ Մէջ Պատմական Գերեզման Մը Պիտի Տեղափոխուի

Թուրքիա-(«Տէյլի Սապահ»-Պոլիս) Թուրքիոյ պարագային անծանօթ չէ պատմական դէմքերու գերեզմաններ փոխադրելու երեւոյթը: Այս  մասին  կը գրէ Պոլիս հրապարակուող «Տէյլի  Սապահ»ը:  Թերթը նաեւ կը յիշեցնէ- որ այս առումով ամէնէն ցայտուն  օրինակը Սուրիոյ մէջ գտնուո, Սուլէյման շահի գերեզմանին  տեղափոխութիւնն էր: Աղբիւրը կը յիշեցնէ,որ Սուլէյման Շահ  կը համարուի  Օսմանեան կայսրութեան հիմնադիր Օսման առաջինի  մեծ հայրը:Զէյն Ալ  Պէյի գերեզմանը, ուր թաղուած է անյայտ գործիչ մը, Օզում Հասանի զաւակը, որ միեւնոյն  ժամանակ  Թուրքմաններու  սուլթանն է,  որ պարտութեան մատնուեցաւ Օսմանցիներուն  կողմէ 15-րդ դարուն, պիտի փոխադրուի ապահովութեան համար, որովհետեւ կը գտնուի շրջանի մը մէջ, ուր նոր պատնէշ մը կը կառուցուի:Աղբիւրը  նաեւ կը  հաղորդէ, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները ներկայիս ծրագիր մը կը մշակեն` ինչպէս փոխադրել գերեզմանը, որ կը գտնուի Պաթման նահանգի Հասանպէքէյֆ պատմական շրջանը, ուր կան պատմական հարուստ շէնքեր: Շիրիմը հաւանաբար պիտի դրուի ժամանակաւոր երկաթէ ձողերու վրայ, փոխադրելու 1.100 թոն կշռող շէնքը: Տեղափոխութիւնը պիտի կատարէ մասնաւոր ընկերութիւն մը: Շէհմոյզ Էրքան Տուրսուն, վերահսկումի պատասխանատու պաշտօնեան թերթին խօսելով   յայտնած է, թէ իրենք պիտի դիտարկեն որեւէ աղաւաղում, որ կրնայ պատահիլ պատմական գերեզմանի փոխադրութեան գործողութեան ընթացքին, ակնկալելով, որ   աշխատանքը  պիտի ամբողջանայ մէկ տարուան  ընթացքին: Երկու յարկանի գերեզմանը կը զատորոշուի իր երկրաչափական տեսքով, կրելով կեդրոնական Ասիոյ ճարտարապետական յատկութիւնները, յայտնագործուած է 2004-ին, Զէյնէլ Պէյ համալիրին մէջ տեղի ունեցող պեղումներուն ընթացքին եւ  կը ներկայացնէ ամբողջական համալիր մը, որ կը պարունակէ երեք դպրոցներ, պանդոկ մը եւ թրքական բաղնիք մը:

Կառոյցներու տեղաբաշխումը իրենց ամբողջականութեամբ հազուադէպ է Թուրքիոյ մէջ, ամենանկատելին արեւմտեան Թուրքիոյ Եալովա քաղաքին մէջ եղած է: Առանձնատուն մը, ուր ապրած է թրքական հանրապետութեան հիմնադիր Մութաֆա Քէմալ Աթաթուրքը: