image
Հրատապ լուրեր:

Հարաւային Քորէայի նախկին վարչապետը 23 տարիով պիտի բանտարկուի

Հարաւային Քորէայի  նախկին վարչապետը 23 տարիով  պիտի բանտարկուի
Հարաւային Քորէայի նախկին վարչապետ Հան Տոք Սուն դատապարտուած է 23 տարուան ազատազրկման՝ 2024-ին ռազմական դրութիւն մտցնելու հետ կապուած սահմանադրական կարգի դէմ ապստամբութեան համար, հաղորդած է TASS-ը:

Հան Տոք-Սուն կը մեղադրուէր յեղաշրջման որպէս կարեւոր դէմք մասնակցելու եւ դաւադիրներու առաջնորդին՝ նախկին նախագահ Եուն Սոք-եոլին, օգնելու մէջ։ Մեղադրողները պահանջած էին 15 տարուան ազատազրկում։

2024-ի դեկտեմբերին Եուն Սոք-եոլը սահմանադրութեան խախտմամբ ռազմական դրութիւն յայտարարած է, որու համար հետագային հեռացուած է իշխանութենէն։ Հան Տոք-Սուն այդ ժամանակ կը զբաղցնէր վարչապետի, իսկ աւելի ուշ՝ Քորէայի Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնակատարի պաշտօնը։