image

ՀԱՊԿ-էն Հայաստանի դուրս գալու գործընթաց չէ քննարկուած․ Լաւրով

ՀԱՊԿ-էն Հայաստանի դուրս գալու գործընթաց չէ քննարկուած․ Լաւրով

Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութիւնը (ՀԱՊԿ) արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստին կազմակերպութեան կազմէ Հայաստանի դուրս գալու ընթացակարգ չէ քննարկուած. Երեւանէն համապատասխան հարցում չէ եղած: Այդ մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը՝ ՀԱՊԿ ԱԳ նախարարներու խորհուրդի նիստէն ետք։

Պատասխանելով ՀԱՊԿ-էն Հայաստանի դուրս գալու հնարաւոր հետեւանքներու մասին լրագրողի հարցին՝ Լաւրով նշած է. «Գուշակելը դիւանագիտական աւանդոյթ չէ։ Այո, այսօր ՀՀ նախարարը ներկայ չէ եղած նիստին, բայց Հայաստանէն որեւէ փաստաթուղթ, որեւէ պաշտօնական քայլ չէ եղած, որ անհրաժեշտ կը դարձնէր քննարկել տեղի ունեցածի հետեւանքները»: