Լաոսի մէջ Հարաւարեւելեան Ասիոյ պետութիւններու միութեան երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման շրջածիրէն ներս տեղի ունեցած է Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներ Սերկէյ Լաւրովի եւ Հաքան Ֆիտանի հանդիպումը՝ յայտնած է Ռուսիոյ ԱԳՆ պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան։
Թրքական աղբիւրները յայտնած են, որ Ֆիտանն ու Լաւրովը քննարկած են երկկողմ յարաբերութիւնները, տնտեսական հարցերը եւ ուժանիւթի ոլորտի մէջ համագործակցութիւնը։
Քննարկուած են նաեւ իրավիճակն Ուքրանիոյ, Կազայի հատուածի եւ Սուրիոյ մէջ, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային հարցեր։