Համաս ընթացք տուած է ռազմական մեծ գործողութեան. գործողութիւնը կը կոչուի «Ալ-Աքսայի ջրհեղեղ»:
Այսօր առաւօտեան ժամերէն սկսեալ պաղեստինեան Համաս խմբաւորման զինեալ գլխաւոր ջոկատը՝ «Ալ-Քասսամ»ը շղթայազերծած է ռազմական գործողութիւններ՝ ուղղուած իսրայէլեան շրջաններու:
Գործողութիւնները սկսած են յատկապէս Կազայի շուրջ գտնուող բնակեցման վայրերուն ուղղութեամբ, ուր պաղեստինցի ջոկատայիններ յաջողած են գրաւել կարգ մը իսրայէլեան ռազմական դիրքեր:
Միեւնոյն ժամանակ պաղեստինեան ջոկատներ հարիւրաւոր հրթիռներ ուղղած են իսրայէլեան քաղաքներու ուղղութեամբ, ուր երեւելի դարձած է վախի եւ սարսափի մթնոլորտ մը:
Աւելի ուշ հաղորդուեցաւ նաեւ, որ իսրայէլեան տասնեակ զինուորներ գերեվարուած են, իսկ իսրայէլեան բանակի զոհերու թիւը անցած է յիսունը:
Գործողութիւնները մինչեւ այս պահը կը շարունակուին:
«Արեւելք» պիտի շարունակէ հետեւիլ յառաջիկայ զարգացումներուն: