Կազայի հատուածի վերափոխման վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի յայտարարութիւնները ցեղապաշտութեան դրսեւորում են եւ էթնիք զտումներու կոչ։ Այս մասին յայտարարած է պաղեստինեան «Համաս» շարժումը։
Երէկ Յորդանանի թագաւոր Ապտալլա երկրորդի հետ հանդիպման բաց հատուածի ժամանակ Թրամփ յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգները պիտի չգնէ Կազայի հատուածը եւ ատոր վրայ ծախսէ հարկատուներու գումարները, սակայն այն պիտի ըլլայ ամերիկեան տիրապետութեան տակ: Բացի այդ Թրամփ «ճիշդ» քայլեր խոստացած է Կազայի հետ կապուած եւ յայտարարած, որ յոյսը կը դնէ Եգիպտոսի հետ պայմանաւորուածութիւններու վրայ։
«Թրամփի յայտարարութիւնները ցեղապաշտական են, ատոնք էթնիք զտումներու կոչ են՝ պաղեստինեան հիմնախնդիրը վերացնելու եւ մեր ժողովուրդի իրաւունքները ժխտելու համար», -ըսուած է «Համաս»-ի յայտարարութեան մէջ: