Պաղեստինեան Համաս շարժման նախկին ղեկավար Խալետ Մեշաալը կոչ ըրած է յաջակցութիւն պաղեստինցիներու՝ ուրբաթ օր բողոքի ցոյցեր կազմակերպելու ամբողջ իսլամական աշխարհին մէջ: Բացի այդ, ան հարեւան երկիրներու ժողովուրդներուն կոչ ըրած է միանալու Իսրայէլի դէմ պայքարին, յայտնած է Reuters-ը:
«Մենք պէտք է ուրբաթ օրը շարժինք դէպի արաբական եւ իսլամական աշխարհի հրապարակներ եւ փողոցներ», -ըսած է Մեշաալը, որ ներկայիս կը ղեկավարէ Համասի սփիւռքի գրասենեակը:
Մեշաալ, որ կը գտնուի Քաթար, ընդգծած է, որ Յորդանանի, Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Եգիպտոսի կառավարութիւններն ու ժողովուրդները աւելի մեծ պարտականութիւն ունին աջակցելու պաղեստինցիներուն: