Պաղեստինեան «Համաս» շարժումը հրապարակած է Կազա քաղաքին մէջ մնացած 47 իսրայէլցի պատանդներու լուսանկարները եւ կոչ ըրած՝ հրաժեշտ տալու անոնց։
Հաղորդագրութիւնը տեղադրուած է պաղեստինեան արմատական շարժման ռազմական թեւին՝ «Ալ-Քասամի փաղանգներ»ու Telegram ալիքին մէջ։ Նշուած է, որ «հրաժեշտի» լուսանկարները Կազայի մէջ Իսրայէլի ռազմական գործողութեան պատասխան են։
«[Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին] Նաթանիահուի անզիջողութեան եւ [Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակի շտապի պետ Էյալ] Զամիրի հնազանդութեան պատճառով Կազայի գործողութեան մեկնարկին հրաժեշտի լուսանկար առնուած է», -նշուած է հրապարակման մէջ։