Նախագահ Ասատ դիմելով Հալէպի ժողովրդին եզրափակած է իր խօսքը՝ ըսելով. «Հալէպի ժողովուրդը եւ յատկապէս Հալէպը՝ պատմութեան քաղաքը, այսօր կը գրէ ապագան»:
Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ, շաբաթ առաւօտեան, Հալէպի Ապտալլա պըն Ապպաս մզկիթին մէջ, մասնակցած է Ատհայի տօնին առիթով յատուկ աղօթքին։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ «Ալ Մայատին» կայանէն:
Աղօթքէն ետք, նախագահը ողջունելով Հալէպի քաղաքացիները, մասնաւորապէս ըսած է . «Պատմութեան ընթացքին Հալէպը միշտ եղած է հզօր քաղաք՝ իր պատմութեամբ, ճարտարապետութեամբ, իր ժողովուրդի ստեղծագործութեամբ եւ հայրենասիրութեամբ, եւ որովհետեւ այդպիսին է, եղած է նաեւ պատերազմի թիրախ եւ անոր ուղղութեամբ եղած է հիմնական կեդրոնացումը թշնամիներու, ե՛ւ կանոնաւոր, եւ անկանոն բանակներուն, ... եւ քանի որ Հալէպը հզօր քաղաք է, անոր ժողովուրդը որոշեց տոկալ այս պատերազմին եւ դիմակայել, եւ որոշեց յաղթել պատերազմին, ապրիլ եւ ... վերակառուցել»:
Նախագահ Ասատ դիմելով Հալէպի ժողովրդին եզրափակած է իր խօսքը՝ ըսելով. «Հալէպի ժողովուրդը եւ յատկապէս Հալէպը՝ պատմութեան քաղաքը, այսօր կը գրէ ապագան»: