Հինգշաբթի, 26 Մայիս եւ Ուրբաթ, 27 Մայիս 2016-ին «Վերժին Կիւլպէնկեան» մայրանոց-հիւանդանոցը, այժմու Հայ Ծերանոցի տարածքը կրկին հրթիռակոծումներու թիրախ դարձած էր:Հայ Ծերանոցի Խնամակալութիվնը այդ մասին իր հաղորդագրութեան մէջ կը տեղեկացնէ, որ տարածքը կրած է նիւթական վնասներ եւ յայտնուած՝ կիսաքանդ վիճակի մէջ:
Առաջին օրը վիրաւորուած են երկու պատսպարեալներ, իսկ երկրորդ օրը զոհուեած է ծերանոցի ծառայողական պաշտօնեայ` Մարալ Կիւլիկեան: Թեթեւ վէրքերով վիրաւորած են Տէր Զարեհ քհնյ. Շաքարեան, խնամակալ Ժագ Հատտատ եւ մէկ պաշտօնեայ:
Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի նաեւ, որ 2012-էն ի վեր երրորդ անգամ ըլլալով, Հայ Ծերանոցի պատսպարեալները կը տեղափոխուին: Անոնք նախ տեղափոխուած էին «Աստուրեան» հիւանդանոց, ապա «Վ. Կիւլպէնկեան» մայրանոց-հիւանդանոց, իսկ ներկայիս ժամանակաւորապէս կը պատսպարուին Ս.Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ:
Ծերունիներուն փոխադրութիւնը տեղի ունեցած է Հայ Ծերանոցի խնամակալութեան հսկողութեամբ եւ շրջանի շտապ օգնութեան տղոց ջանքերով: