image

Հալէպի հայ ծերանոցէն հաղորդագրութիւն

Հալէպի հայ ծերանոցէն հաղորդագրութիւն

Հինգ­շաբ­թի, 26 Մա­յիս եւ Ուր­բաթ, 27 Մա­յիս 2016-ին «Վեր­ժին Կիւլ­պէնկ­եան» մայ­րա­նոց-հիւանդանո­ցը, այժ­մու Հայ Ծե­րա­նո­ցի տա­րած­քը կր­կին հրթիռակոծում­նե­րու թի­րախ դար­ձած էր:Հայ Ծերանոցի Խնամակալութիվնը այդ մասին իր հաղորդագրութեան մէջ կը տեղեկացնէ, որ տա­րած­քը կրած է նիւթական վնաս­ներ եւ յայտն­ուած՝ կի­սա­քանդ վի­ճա­կի մէջ:

Առա­ջին օրը վի­րա­ւոր­ուած են եր­կու պատս­պար­եալ­ներ, իսկ երկ­րորդ օրը զոհուեած է ծե­րա­նո­ցի ծառա­յո­ղա­կան պաշ­տօն­եայ` Մա­րալ Կիւ­լիկ­եան: Թե­թեւ վէր­քե­րով վի­րա­ւոր­ած են Տէր Զա­րեհ քհնյ. Շա­քար­եան, խնա­մա­կալ Ժագ Հատտատ եւ մէկ պաշ­տօն­եայ:

Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի նաեւ, որ 2012-էն ի վեր եր­րորդ ան­գամ ըլլալով, Հայ Ծե­րա­նո­ցի պատսպարեալները կը տե­ղա­փոխ­ուին: Անոնք նախ տեղա­փոխ­ուած էին «Աս­տուր­եան» հիւան­դա­նոց, ապա «Վ. Կիւլ­պէնկ­եան» մայրա­նոց-հիւան­դա­նոց, իսկ ներ­կա­յիս ժա­մա­նա­կա­ւո­րա­պէս կը պատսպարուին Ս.Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ եկե­ղեց­ւոյ ներք­նաս­րա­հին մէջ:

Ծե­րու­նի­նե­րուն փո­խադ­րու­թիւնը տե­ղի ու­նե­ցած է Հայ Ծե­րա­նո­ցի խնամակալութեան հս­կո­ղու­թեամբ եւ շր­ջա­նի շտապ օգ­նու­թեան տղոց ջանքերով: