Լիբանան կը պատրաստուի ոգեկոչելու նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան 20-ամեակը այնպիսի պայմաններու մէջ, որոնք կ՛ենթադրեն շեշտել ազգային միասնականութեան եւ կառուցողականութեան մտածողութեան շարունակականութիւնը, մտածողութիւն մը, որուն մարմնաւորողը հանդիսացաւ նահատակ վարչապետը լիբանանեան քաղաքական կեանքին մէջ:
Մասնաւորաբար այսօր մեր ապրած պայմանները մեզ կը պարտաւորեցնեն վերակենդանացնել նահատակ վարչապետին մտածողութիւնը եւ վճռականութիւնը` Լիբանանի վերակառուցումը եւ անոր տնտեսական վերականգնումը առաջնորդելու ընթացքին, մէկուկէս տասնամեակ տեւած պատերազմէ մը ետք, որ սպաննեց մարդիկն ու քանդեց քարը, տնտեսութիւնը եւ հաստատութիւնները:
Այսօրուան պայմաններուն մէջ կարիքը ունինք նահատակ վարչապետի ուղեգիծին: Ան գործով մարմնաւորեց չափաւորականութեան, ուրիշին բացուելու, վէրքերու ապաքինման եւ երկփեղկումներու շրջանցելու մտածողութիւնը` լիբանանցիները համախմբելով մէկ ընդհանուր օրակարգի շուրջ եւ արգիլելով սադրանքը անոնց միջեւ:
Վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան 20-ամեակին, մենք կու գանք յիշատակելու անոր իրագործումներն ու գաղափարները` կրկնելով աղօթքները անոր հոգիի հանգստութեան եւ Լիբանանի վերականգնումին համար, որուն համար ան նուիրեց իր կեանքը, ջանքը եւ արիւնը:
ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ