image
Հրատապ լուրեր:

Լիմասոլի մէջ. Ապրիլ 24-ի առթիւ Սուրբ Պատարագ եւ արեան տուուչութեան արշաւ

 Լիմասոլի մէջ. Ապրիլ 24-ի  առթիւ Սուրբ Պատարագ եւ արեան տուուչութեան արշաւ

Տարիներու աւանդութիւն դարձած  արեան տուուչութեան արշաւը նոր  շունչ մը բերած է Կիպրոսի մեր հայրենակիցներուն եւ յատկապէս Լիմասոլ քաղաքի հայերուն։ Ապրիլ  24-ի առթիւ եւ ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս  մատուցուած է Սուրբ եւ անմահ պատարագ   ձեռամբ Լիմասոլի հայոց հոգեւոր հովիւ Գերպ. Տ. Յովհաննէս ծ.վրդ. Սաղտըճեանին, եւ նոյն ժամերուն ալ  Լիմասոլի  հայկական համայնքի տասնեակ անդամներ մասնակից դարձած են արեան տուուչութեան  արշաւին։

 Եղելութեան մասին «Արեւելք» իմացաւ  Լիմասոլի Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ դիմատետրեան էջէն։

 Ստորեւ տարածուած հաղորդագրութիւնը։

Հայոց Ցեղասպանութեան 110 ամեակը մեր ժողովուրդի պայքարին կրակը վառ կը պահէ: Հինգշաբթի, 24 Ապրիլ 2025-ի, եկեկոյեան ժամը 6։00-ին, Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ Գերպ.՝ Տ. Յովհաննէս Ծ. Վրդ. Սաղտըճեան մատուցեց Սուրբ եւ անմահ Պատարագը, երբ նոյն պահուն մեր ժողովուրդի զաւակները իրենց երիտասարդներով կը կատարէին արիւնատուութիւն։

Շնորհակալութիւն Լիմասոլահայերուն, որ այսօր իրենց ներկայութեամբ ոգի եւ շունջ, յոյս եւ լոյս տուին մեր համայնքին։

«Ապրիլ 24-ը սոսկ մեր նահատակները յիշելու օր չէ, այլ՝ ազգային ինքնաքննութեան ու ինքնաճանաչման օր է։ Ողջ հայութիւնն է պահանջատէրը իր բռնաբարուած իրաւունքներուն: 

Հայաստան և Սփիւռք սերտ գործակցութիւնը ամուր հիմքը կը կազմէ մեր պահանջատիրական պայքարին: Հայ ժողովուրդի հզօրութեան վահանը իր համախմբումն է»։