image

Գնալըի մէջ պիտի սկսի Նաւասարդեան ամառնային 4-րդ փառատօնը

Գնալըի մէջ պիտի սկսի Նաւասարդեան ամառնային 4-րդ փառատօնը

Շաբաթավերջին՝ Գնալըի մէջ տեղի պիտի ունենայ  աւանդութիւն դարձած Նաւասարդեան ամառնային փառատօնը, որուն կազմակերպումը ստանձնած է «Լոյս մետիա»ն։  Իշխանաց կղզիներէն երիտասարդներ պիտի մրցին ընդհանուր առմամբ 10 մարզաձեւերու մէջ՝ անհատական կամ խմբային մասնակցութեամբ։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

Այս շաբաթավերջին՝ Գնալըի մէջ տեղի պիտի ունենայ Նաւասարդեան ամառնային փառատօնը, որ այլեւս աւանդութիւն է եւ որուն անհամբերութեամբ կը սպասեն Իշխանաց կղզիներու մեր ընտանիքները։ Նաւասարդեան խաղերը, որոնց կազմակերպումը ստանձնած է «Լոյս մետիա»ն, կը կայանան Թուրքիոյ Երիտասարդութեան ու Մարզական Նախարարութեան եւ Հայոց Պատրիարքութեան հովանաւորութեամբ։ Իշխանաց կղզիներէն երիտասարդներ պիտի մրցին ընդհանուր առմամբ 10 մարզաձեւերու մէջ՝ անհատական կամ խմբային մասնակցութեամբ։

Բացի մրցումներէն, նախատեսուած են նաեւ համերգներ եւ բազմաբնոյթ այլ ձեռնարկներ։ Մարզիկները Գնալը կղզիի չորս վայրերու՝ Հրանդ Պարսամեան ֆութպոլի դաշտ, Ջրային մարզաձեւերու ակումբի, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ շրջափակի ու թենիսի մարզադաշտի մէջ պիտի մասնակցին մրցումներուն։ 

Փառատօնը եռօրեայ բովանդակալից յայտագիր մը պիտի հրամցնէ ժողովուրդին։ Նպատակն է համախմբել երիտասարդները եւ անգամ մը եւս հաստատել մարզանքի դերակատարութիւնը։

Այս տարի եւս «Նեթֆլիքս Օփըն Էյր Սինեմա» տիժիթալ հարթակը մաս պիտի կազմէ փառատօնի ծրագրին։ Պիտի ցուցադրուին բազմաբնոյթ ժապաւէններ՝ բոլոր տարիքի մարդոց համար։

Նաւասարդեան փառատօնի բացումը պիտի կատարուի շքեղ համերգով մը՝ 22 Օգոստոսին։ Բեմ պիտի ելլեն թուրք երաժշտութեան աստղ Նուքհէթ Տուրու, ինչպէս նաեւ արուեստագէտներ Մաժակ Թօշիկեան եւ զանազան ուրիշ երգիչներ։

Շաբաթ օրուայ յայտագրի ամենակարեւոր ձեռնարկը Արամ Էմ-Փի 3ի համերգն է, որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 21.15ին։ 

Փառատօնի յայտագրի մէջ ընդգրկուած է նաեւ «Քամոս գոյներ» ձեռնարկը՝ գունագեղ փոշիներով ու երաժշտական ելոյթներով։

Փակման օրը, մետայլներու յանձնումէն ետք բեմ պիտի ելլէ փոփ աստղ Պենկիւ։