Օրեր առաջ Երեւանի կեդրոնին մէջ գտնուող Keerk&Co սրճարանին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում «Նայիրի» ուղղիչ-ուղղագրական (կամ ուղղագրիչ) համակարգի հիմնադիր Սերուժ Ուրիշեանին հետ։
Հայրենադարձած Ուրիշեան, որ մասնագիտութեամբ արհեստագիտական ճարտարագէտ է, շնորհիւ անդուլ աշխատանքի կարողացած է մեծ ներդրում ունենալ (անշուշտ վայելելով «Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան» կարեւոր նեցուկը) հայերէն լեզուին համար մատչելի եւ արդիական ուղղիչներ- ուղղագրական սրբագրիչ համակարգեր ստեղծելու գործին մէջ։
Նշենք նաեւ, որ երկու ժամ տեւած հանդիպման աւարտին Ուրիշեան առիթ տուած է ներկաներուն, որպէսզի ներկայացնեն իրենց հարցումները եւ համապատասխան լուծումներ ստանալու առընթեր լսեն կարեւոր խորհուրդներ։
Ստորեւ այդ հանդիպում-դասախօսութեան մասին «Նոր Յառաջ» պարբերականին մէջ լոյս տեսած լրատւութիւնը կը ներկայացնենք «Արեւելք»ի ընթերցողներու ուշադրութեան։
Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 27-ին, Երեւանի Keerk&Co սրճարան-ընթերցարանի բակին մէջ, տեղի ունեցաւ «Հայերէն ուղղագրիչներու ներկայացում» մը Սէրուժ Ուրիշեանի մասնակցութեամբ: Սէրուժը հեղինակն է Nairi.com կայքէջին: Արհեստով՝ համակարգիչի ճարտարագէտ: Իր արհեստին մէջ վեց տարուան փորձառութիւն ունի: Ան շրջանաւարտ է Գալիֆորնիոյ համալսարանի Պըրքլիի մասնաճիւղէն (University of California, Berkeley), ուր 2004 թուականին ստացած է գիտութեանց պսակաւոր (Bachelor of Science) տիտղոսը, մասնագիտանալով ելեկտրական ճարտարագիտութեան եւ համակարգիչի գիտութեան (Electrical Engineering and Computer Science) մէջ։
Սէրուժը յաճախած է Սահակ Մեսրոպ հայկական վարժարանը Գալիֆորնիոյ Փասատինա քաղաքին մէջ, Ֆերահեան ազգային վարժարանը Էնսինօ քաղաքին մէջ, ապա Կլենտէյլ քաղաքի ամերիկեան հանրային դպրոցները (Toll Middle School եւ Hoover High School)։ Ան այժմ կը բնակի Երեւան։
Յիշենք որ Նայիրի կայքէջի եւ ուղղագրիչներու ամբողջ գործընթացը կ՚իրականանայ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան հովանաւորութեամբ:
“HySpell-ը հայերէնի անվճար եւ ընդարձակ ուղղագրիչ է՝ արդի հայերէնի բոլոր գրաւոր տարբերակներուն համար՝ արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի, դասական եւ աբեղեանական ուղղագրութեան։ Ներկայ պահուն կարելի է տեղադրել հետեւեալ սեղանադիր համակարգիչներու համար նախատեսուած ծրագրերուն մէջ. Microsoft Office (Windows-ի համար), LibreOffice գրասենեկային ամբողջական ծրագիրը (Office suite), Firefox ու Google Chrome համացանցի զննարկիչները (web browsers) եւ Thunderbird ել-նամակի ծրագիրը: Յիշուածներէն միայն Google Chrome-ն է, որ չունի դասական ուղղագրութեան դրութիւն, գալ տարուան ընթացքին հաւանաբար այդ ալ իրականանայ”,– յայտնեց Սէրուժ:
Ձեռնարկին ընթացքին Սէրուժ պաստառին վրայ ցոյց տուաւ եւ բացատրեց ուղղագրիչներու յաւելուածներուն (applis) android, ios, apple ձեռնահեռաձայներու եւ համակարգիչներու վրայ գործածուելու եւ ներբեռնելու համար անհրաժեշտ քայլերը: Օրինակներով ցոյց տուաւ ուղղագրիչներու աշխատելաոճը դասական եւ աբեղեանական ուղղագրութիւններուն առնչութեամբ:
Ան տեղեկացուց նաեւ Նայիրի կայքէջին նորութիւններուն մասին, թէ որեւէ բառորոնումի ընթացքին, պաստառին վրայ կը յայտնուին տուեալ բառին վերաբերող երեք բառարաններէ՝ «Բառարան Գանձարան հայերէն լեզուի» (Յարութիւն Թ. Գայայեան, Գահիրէ,1938), «Հայերէն բացատրական բառարան» (Ստեփան Մալխասեանց, Երեւան, 1944, Գնէլ արքեպիսկոպոս Ճէրէճեան, Փարամազ Կ. Տօնիկեան եւ Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան), «Հայոց լեզուի նոր բառարան» (Կ. Տօնիկեան եւ Որդիք Հրատարակչատուն, Պէյրութ, 1992) բացատրութիւններ, այսպէսով աւելի կը դիւրանայ որոնման ընթացքը:
Հետաքրքրական հարցադրումներ եւ առաջարկներ հնչեցին մասնակիցներէն, առաջարկ մը՝ սփիւռքահայ դպրոցներուն մէջ աշխատանոցներ կազմակերպելու եւ աշակերտները իրազեկ դարձնելու համար, որպէսզի Նայիրիին եւ ուղղագրիչ յաւելուածներուն օգտագործման ոճին ծանօթանան: Սէրուժ այս հարցով յիշեց, որ «Նայիրի»-ն առանց ծանուցումի արդէն իսկ գերազանցապէս կ՚օգտագործուի եւ վստահաբար ուղղագրիչներուն ճակատագիրը եւս ժամանակի ընթացքին պիտի արժանանայ նոյն հետաքրքրութեան եւ օգտագործումին:
Ձեռնարկին աւարտին Սէրուժ օգնեց մասնակիցներուն ներբեռնելու յիշեալ ուղղագրիչ յաւելուածները:
Գրողը՝ Ա. Բ.-Ղ.