image

Գիւմրին արժանի է մեր բոլորի հոգատարութեան. Լիբանանահայ Զարեհ Եահնէեան (Լուսանկար)

Գիւմրին արժանի  է մեր բոլորի  հոգատարութեան. Լիբանանահայ Զարեհ Եահնէեան  (Լուսանկար)

Հայրենադարձած լիբանանահայ  Զարեհ Եահնէեան հայրենադարձուած է 2003 թուականին եւ կը բնակի Գիւմրիի մէջ: Ան կը փորձէ իր աշխատանքով եւ հայրենասիրութեամբ լուծումներ գտնել  շարք մը խնդիրներու համար: Անոր կարծիքով Գիւմրին արժանի է ամէն մէկ հայու հոգատարութեան:

 

Կը խնդրէի` ներկայացնել հայրենադարձման Ձեր պատմութիւնը:

Հայրենադարձման իմ  պատմութիւնս սկսած է նախքան լոյս աշխարհ գալս եւ շարունակուած ծնունդէս յետոյ: Չնայած ծնած եմ Լիբանանի մէջ եւ այդ երկրի քաղաքացիութիւնն ունիմ`այդ փաստը ինծի չտուաւ Հայրենիք հասկացողութիւնը:

Մանկութիւնս, պատանեկութիւնս եւ երիտասարդութիւնս ապրելով Լիբանանի մէջ`սրտիս բաբախիւնը միշտ եղած է իմ Հայրենիքիս մէջ`իր երկու հատուածներով. ես փայփայած եմ ունենալ միացեալ Հայաստանի գաղափարը: Իմ պարագաս անուանել որպէս հայրենադարձութիւն`այդքան ալ  ճիշդ   չէ, այն աւելի շատ իմ սրտիս եւ փափաքիս միացումն է իրականութեան, եւ ինչպէս մեծ  գրող Ուիլեամ Սարոյեան կ՛ըսէ. «Ես չեմ ծնած Հայաստանի մէջ, սակայն Հայաստանն   իմ մէջ ծնած է»:

 

-Եր՞բ  հայրենադարձած էք եւ ինչո՞ւ:

Ամէն  հայու նպատակը Հայաստանի մէջ ապրիլն է, սակայն ատոր համար հարկաւոր են կայծեր` կեանքի տարբեր փուլերուն: Իմ կեանքիս առաջին կայծը եղաւ 1983 թուականին, երբ եղբայրս (Նշենք, որ    Զարեհի եղբայրը` Սիմոն Եահնէեան, Լիզպոնի 5  նահատակներէն մէկն էր, որուն անունը եւ կրէ մեր հերոսին որդին- ԽՄԲ.՝  Հ.Ա ) յանուն Մեծ եւ Միացեալ Հայաստանի ստեղծման գաղափարին`   նուիրաբերեց  իր ամենաթանկագինը`կեանքը`լռելեայն ուղերձ ուղարկելով ինծի, որ հանգիստ կեանք կ՛ունենամ միայն Մայր հայրենիքի մէջ: Երկրորդ կայծը Խորհրդային կարգերու փլուզումն էր, եւ Հայաստանի մէկ հատուածի վերանկախացումը: Բայց վերջնական քայլն ըրի այն ժամանակ, երբ ծանօթացայ հայաստանաբնակ  աղջկայ մը հետ: 2003 թուականի 25 ապրիլիին առաջին անգամ ոտք դրի իմ երազած Հայրենիք եւ որոշեցի կեանքս հաստատել պապերուս ապրած հայրենի հողին վրայ:

 

-Ինչո՞վ  զբաղուած էիք Լիբանանի մէջ մինչ հայրենադարձուիլը:

Լիբանանի 15-ամեայ քաղաքացիական պատերազմն անհնար դարձուց, որ ես  աշխատիմ իմ մասնագիտութեամբ: Շուրջ 9 տարի աշխատած եմ որպէս ճարտարապետ: 1988 թուականէն մինչեւ Հայաստան վերադառնալս` աշխատած եմ համակարգչային ոլորտին մէջ:

 

-Ինչու՞ ընտրեցիք հէնց Գիւմրին` որպէս մշտական բնակութեան քաղաք:

Հաստատուելով Հայաստանի մէջ` կազմեցի սեփական ընտանիքս` ամուսնանալով գիւմրեցի ընկերուհիիս հետ: Սկզբնական շրջանին կը բնակէի կնոջս եւ անոր ծնողներուն հետ: Երեւանին մօտ գտնուելու համար որոշեցի բնակարան գնել Աշտարակ քաղաքին մէջ, սակայն ապրելով Գիւմրիի մէջ` հասկցայ, որ այդ քաղաքը, թէկուզ կիսափլատակ, անտեսուած եւ անմարդաբնակ, ինծի աւելի հոգեհարազատ դարձաւ իր մշակոյթով, բարբառով եւ կենցաղով, քան նոյնիսկ մայրաքաղաք Երեւանը: Այդ շրջանէն սկսած, վերջնականապէս որոշեցի ապրիլ Գիւմրիի մէջ: Կը ցանկայի տեղեկացնել իմ բոլոր ընկերներուս եւ սփիւռքահայութեան, որ Գիւմրին պատմական քաղաք է եւ արժանի է մեր բոլորի հոգատարութեան: Ամէն  հայ արժանի է ապրելու Գիւմրիի նման հայաշունչ քաղաքի մէջ եւ պէտք չէ Հայաստանը հասկնալ միայն մայրաքաղաք Երեւանով:

 

-Արդեօք հե՞շտ է հայրենադարձի համար արագ յարմարիլ այլ միջավայրի:

Այս հարցը միշտ ես ինծի կու տամ. արդեօ՞ք պիտի կրնամ յարմարիլ գիւմրեցիներու կամ, առհասարակ, Հայաստանի բնակչութեան իրականութեան` նկատի ունենալով այն փաստը, որ Հայրենիքս շուրջ 70 տարի եղած է Խորհրդային Միութեան բարքերուն եւ կենցաղին մէջ: Հետաքրքիրն այն է, որ ես ինծի համար դեռ չունիմ Ձեր հարցին պատասխանը: Ուղղակի  բան մը կ’ըսեմ. ես շուրջ 38 տարի ապրած եմ Լիբանանի մէջ եւ չեմ  յարմարած  արաբ ազգաբնակչութեան իրականութեան, իսկ հիմա արդեօ՞ք կը կարենամ ամբողջապէս ընդելուզուիլ հայ հասարակութեան` կը դժուարանամ ըսել: Չեմ կրնար չնշել սկզբնական շրջանի դժուարութիւններուն մասին, օրինակ`ռուսերէն  շարք մը բառերու օգտագործումը, ամուսնութիւններու ու յուղարկաւորութիւններու արարողութիւններու կարգը չափազանց խորթ կը թուէին, սակայն Հայրենիքի մէջ ապրիլը վեր էր ամէն ինչէ: Եթէ կայ կամք, նամանաւանդ շրջապատիդ փոխզիջումներու առկայութեան պարագային, կրնաս ամէն դժուարութիւն ալ յաղթահարել:

-Ին՞չ կ՛աշխատիք Գիւմրիի մէջ, եւ կա՞ն այլ հայրենադարձներ Ձեր շրջապատին մէջ:

2006 թուականին ստեղծեցի «Նշոյլ» անուամբ հասարակական կազմակերպութիւն, որպէսզի լոյսի  նշոյլ մը միշտ վառ մնայ: Ամերիկաբնակ բարերարի մը օգնութեամբ ստեղծուեցաւ «Ովսաննա Մսրլեան» դպրոցը` ի պատիւ բարերարին մօրը: Ստանձնեցի թէ՛ հասարակական կազմակերպութեան ղեկավարութիւնը, թէ՛ դպրոցի տնօրինութիւնը: Ես կը դասաւանդէի համակարգչային գիտելիքներ, եւ  ուսուցիչ մը կար, որ կը դասաւանդէր անգլերէն: Դպրոցի հիմնադրման եւ ստեղծման նպատակը երեխաներուն Հայրենիքի, հայրենասիրութեան, եկեղեցւոյ պատմութեան մասին տեղեկացնելն էր: Մեր տուած գիտելիքները կը ծառայէին որպէս հիմք` այդ երեխաներու ապագային համար: Դպրոցական ծրագիրը կը տեւէր  3 ամիս, եւ վերջին 3 տարիներուն ընթացքին ունեցած ենք մօտ 700 աշակերտ: Ցաւօք, նիւթական սղութեան պատճառով չկրցանք շարունակել ուսումնական ծրագիրը: Ատկէ ետք  յաջորդ կանգառը «Տիրամայր» դպրոցն էր, որ հիմնադրուած է քոյր Արուսեակ Սաճոնեանի կողմէ եւ յայտնի է որպէս արհեստաւորական դպրոց, կը ծաւալէր մեծ գործունէութիւն: Ես ստանձնեցի այդ դպրոցի ղեկավարութիւնը` դասաւանդելով նաեւ համակարգչային գիտելիքներ:

Մինչեւ 2013 թուական Գիւմրիի մէջ չկային մեծ թիւով հայրենադարձներ, սակայն հիմա ալ մեծ թիւ չեն կազմեր. մօտաւորապէս  քանի մը տասնեակ ընտանիք:

 

-Ինչպիսի՞ զգացողութիւն ունեցաք, երբ հաստատուեցաք  Գիւմրիի մէջ:

Հայաստան եւ Գիւմրի հաստատուելու զգացողութիւնս ես  կրնամ մեկնաբանել հետեւեալ կերպ. սփիւռքի մէջ մենք անօթներու (թաղար) մէջ ցանուած ծառեր ենք , եւ որքան ալ մեծ ըլլան այդ անօթները, միեւնոյնն է, մենք սենեակային պայմաններու մէջ  կ՛ապրինք: Գիւմրիի մէջ ես դուրս եկայ այդ անօթէն եւ մխրճուեցայ հողին մէջ, մնացի նոյն ծառը, նոյն պտուղը, արդէն հողի մէջ, ուր արմատներս կրնան աւելի ու աւելի խորանալ, որ չէր ըլլար անօթներու պարագային:

 

Սեւադա Սաֆարեան

«Հայերն Այսօր»