image
Հրատապ լուրեր:

Գիւմրիի մէջ իշխող կուսակցութիւնը քաղաքական ժողով կայացուց. Խօսք առած է Նիկոլ Փաշինեան

Գիւմրիի մէջ իշխող կուսակցութիւնը   քաղաքական ժողով  կայացուց. Խօսք առած է  Նիկոլ Փաշինեան

16 դեկտեմբերին Կիւմրի քաղաքին մէջ տեղի ունեցած է «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան 3-րդ Քաղաքական ժողովը: Յայտնած են կուսակցութենէն: 

Քննարկուած են Հայաստանի մէջ փտածութեան դէմ պայքարի արդիւնաւէտութեան բարձրացման եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Կառավարութեան արտաքին քաղաքական տեսլականին առնչուող հարցեր։

Կուսակցութեան Վարչութեան նախագահի տեղակալ Վահագն Ալեքսանեան եւ ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հանդէս եկած են զեկոյցներով եւ պատասխանած Քաղաքական ժողովի մասնակիցներու հարցերուն։ 

 

 

Կուսակցութեան Վարչութեան նախագահ, ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդէս եկած է ելոյթով: