image

Ղազախստանի հարցով ՀԱՊԿ առցանց հանդիպումէն ետք փաստաթուղթերու ստորագրութիւն չի նախատեսուիր

Ղազախստանի հարցով ՀԱՊԿ առցանց հանդիպումէն ետք փաստաթուղթերու ստորագրութիւն չի նախատեսուիր

Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) խորհուրդը չի նախատեսեր որեւէ փաստաթուղթ ստորագրել Յունուար 10-ին նախատեսուած տեսաժողովէն ետք։ Այս մասին յայտնած է Ռուսաստանի նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքովը։ Բանակցութիւններու ընթացքին ՀԱՊԿ երկիրներու ղեկավարները պիտի քննարկեն Ղազախստանի մէջ ստեղծուած իրավիճակը:

ՀԱՊԿ հաւաքական խաղաղապահ ուժերը աւարտած են իրենց տեղակայումը Ղազախստանի մէջ եւ սկսած են կատարել իրենց առջեւ դրուած խնդիրները։ Այս մասին յայտարարած է Ղազախստանի մէջ ՀԱՊԿ խաղաղապահներու հրամանատար Անտրէյ Սերտիւքովը։

Յիշեցնենք, որ Ղազախստանի շարք մը բնակավայրերու մէջ Յունուար 2-էն սկսած են բողոքի շարժումներ, որոնք վերածուած էին զանգուածային անկարգութիւններու, յարձակումներ իրականացուած էին պետական մարմիններու վրայ: Յունուար 10-ի դրութեամբ Ղազախստանի ներքին գործերու մարմիններու մօտ բերման ենթարկուած է 7939 մարդ։