Ղազախստանի իրաւապահ մարմինները 3706 մարդու ձերբակալած են՝ երկրի մէջ տեղի ունեցող անկարգութիւններուն հետ կապուած: Այս մասին կը յայտնէ «ԹԱՍՍ» գործակալութիւնը՝ յղում կատարելով տեղի աղբիւրին:
Ըստ տեղի հեռուստաալիքին՝ ներկայ դրութեամբ այս վերջին տվեալն է:
Ղազախստանի մէջ զանգուածային բողոքի ալիքներ սկսած են Յունուարի 2-ին։ Սկիզբը, Ժանաօզեն եւ Ակտաու քաղաքներու բնակիչները դուրս եկան փողոց՝ իրենց բողոքի ձայնը բարձրացնելու ընդդէմ կազի թանկացման։
Աւելի ուշ, բողոքի ալիքները տարածուեցան ամբողջ երկիրով մէկ։
Իշխանութիւնները յայտնեցին, որ կը վերանային կազի սակագինը, սակայն երկրի իրավիճակը չկայունացաւ։
Ղազախստանի նախագահ Կասիմ-Ժոմարտ Տոկաեւը, բողոքի ցոյցերու համատեքստով, յայտարարեց, որ այսուհետ ինքն է Ղազախստանի Անվտանգութեան խորհուրդի ղեկավարը։
ՀԱՊԿ (Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութիւն) հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի՝ 2022 թուականի Յունուարի 6-ին ընդունուած որոշման համաձայն՝ Ղազախստանի Հանրապետութեան իրավիճակի կայունացման եւ կարգաւորման հաստատման նպատակով սահմանափակ ժամանակահատուածով այդ երկիր ուղարկուած են ՀԱՊԿ հաւաքական խաղաղապահ ուժերը: