image

Ղարաբաղի մէջ ռուս խաղաղապահներու հարցը՝ միայն Պաքուի հետ. Ռուս պաշտօնեայ

Ղարաբաղի մէջ ռուս խաղաղապահներու հարցը՝ միայն Պաքուի հետ. Ռուս պաշտօնեայ

Մոսկուան Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուս խաղաղապահներու մնալու պայմանները պիտի քննարկէ միայն Պաքուի հետ՝ կապուած տարածաշրջանի մէջ արմատական փոփոխութիւններու հետ։ Այս մասին «ԹԱՍՍ»-ին յայտնած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Կալուզինը։

«Հաշուի առնելով Ղարաբաղի մէջ իրավիճակի արմատական փոփոխութիւնը՝ մեր խաղաղապահներու մնալու պայմանները պիտի քննարկուին միայն ատրպէյճանական կողմի հետ»,-ըսած է ան։

Կալուզինի խօսքով՝ երկխօսութիւնը Ատրպէյճանի հետ կը կրէ «կառուցողական» բնոյթ։

«Ծագող բոլոր հարցերը կը լուծենք փոխընդունելի ձեւով։ Ինչ կը վերաբերի ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի լիազօրութիւններու երկարացման 2025 թուականի նոյեմբերէն ետք, ապա այդ կախուած պիտի ըլլայ տարածաշրջանի իրավիճակէն, անոր հետագայ ներկայութեան պահանջուածութենէն եւ Պաքուի հետ համապատասխան պայմանաւորուածութիւններէն»,-ըսած է Կալուզինը։